Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Պէտք Է Կանխել Հայաստանի Կցորդ Պետութիւն Դառնալու Հեռանկարը». Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ 135-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ Քանատա գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ` Հայաստանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային ուղեգիծին, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, սփիւռքի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` այս հարցերուն մէջ ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն մասին:
Անդրադառնալով յառաջիկայ ընտրութիւններու կարեւորութեան` Ռուստամեան յատկապէս ըսաւ հետեւեալը. «Մենք հիմա կը գտնուինք բախտորոշ փուլի մէջ, երբ յառաջիկայ ընտրութիւններով պիտի որոշուի, թէ մեր երկիրը ո՞ր ուղեգիծով պէտք է յառաջանայ: Այն ուղեգիծը, որ կ՛իրականացնէ այսօրուան վարչախումբը, մեզ կը հեռացնէ մեր ազգային, պետական նպատակներէն եւ աւելի շատ կը սպասարկէ թուրք-ազրպէյճանական օտար շահերուն: Այս կը նկատուի բոլոր ուղղութիւններով, եւ իրենք ալ այդ չեն թաքցներ: Ուղղակի չեն իրականացներ կառավարութեան այն ծրագիրը, որ հաստատուած է Ազգային ժողովի կողմէ, մասնաւորապէս` Արցախի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ցարդ գոյութիւն ունեցած մեր անվտանգային համակարգին վերաբերող հարցերուն մէջ: Անոնք այս հարցերուն լուծումը կը տանին ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ` ստանձնելով պաշտպանել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, տէր կանգնիլ եւ երաշխաւորել արցախահայերու անվտանգութիւնը, անոնք դարձան այն վարչախումբը, որ ստորագրեց փաստաթուղթ Արցախը Ազրպէյճանի մաս կազմելու` արագացնելով մեր կորուստներու hետագայ ընթացքը: Արցախը յանձնեցին` յայտարարելով, որ այդ իբր թէ անհրաժեշտ էր, որպէսզի ամրապնդենք մեր անկախութիւնը, բայց տեղի ունեցաւ հակառակը` բոլոր վտանգները տեղափոխուեցան Հայաստան: Արցախը հիմա չկայ, ազրպէյճանցիները կը գտնուին մեր տարածքին մէջ, խախտուած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, վտանգուած է ինքնիշխանութիւնը: Այսպէս կոչուած, իրական Հայաստանի գաղափարի վրայ հիմնուած այս ուղեգիծը մեզ ամէն օր կը հեռացնէ մեր ազգային նպատակներէն»:
Խօսելով այս իրավիճակին մէջ Դաշնակցութեան կատարելիքներուն մասին` ան ընդգծեց. «Մեր հարցը նախեւառաջ այս ուղեգիծը փոխելն է: Մենք պէտք է վերահաստատենք մեր ազգային-պետական ուղեգիծը: Հակառակ պարագային, մենք կ՛արձանագրենք մեր ինքնութեան կորուստը, Հայաստանի` իբրեւ տարածաշրջանային գործօնի, կորուստը կ՛արձանագրենք եւ կը դառնանք թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի լծակից զոյգի կցորդ պետութիւն մը: Այս հեռանկարը պէտք է կանխել: Այս իմաստով Դաշնակցութեան ընելիքը շատ աւելի առարկայական եւ պատմական կը դառնայ, եւ պատահական չէ, որ այս իշխանութիւններուն հիմնական թիրախը Հայաստանի մէջ, գաղափարական եւ քաղաքական առումով, Դաշնակցութիւնն է»:
Հանդիպում Մարզերու Երիտասարդներուն Հետ
Օրեր առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ` Իշխան Սաղաթելեան, Գեղամ Մանուկեան եւ Արգիշտի Գէորգեան, Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցան Գորիսէն, Կապանէն եւ Գիւմրիէն խումբ մը երիտասարդներու հետ:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան երիտասարդներուն հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ երիտասարդներուն դերը քաղաքական գործընթացներու, պետական կառավարման համակարգին եւ առհասարակ հայրենիքին վերաբերող հարցերու լուծման մէջ անփոխարինելի է: Սաղաթէլեան շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը պէտք է ունենայ ոչ միայն մասնակցային, այլեւ` որոշիչ դեր:
Արցախցիներու Վերադարձի Հարցը Բացարձակապէս Չկայ Մեր Երկրի Արտաքին Քաղաքական Օրակարգին Մէջ. Լեւոն Քոչարեան
Արցախցիներու վերադարձի հարցը բացարձակապէս չկայ մեր երկրի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ: Այս մասին «Բեկում» համաերիտասարդական ֆորումի ժամանակ ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեան:
«Արցախի հարցին մէջ մեր յստակ մօտեցումը այն է, թէ ինչ որ հիմա իրատեսականօրէն կրնանք պահանջել եւ ունենալ, արցախցիներու անվտանգ վերադարձի իրաւունքը ամրագրելն է: Ցաւօք սրտի, այս հարցը հիմա բացարձակապէս չկայ մեր երկրի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ: Իշխանութիւնները կը փորձեն բացատրել անով, որ այս վտանգաւոր է, նոյնիսկ տեղ-տեղ կ՛ըսեն` երբ մենք կը խօսինք արցախցիներու վերադարձի մասին, Ազրպէյճանը կը խօսի ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադառնալու մասին, բայց ասոնք հակադրելը անգրագիտութիւն է, որովհետեւ այս երկու հարցերը իրարու հետ կապ չունին», շեշտեց ան:
Հայաստան Լրագրողներ Ձերբակալող Պետութիւններու Եւրոպական Ցանկին Վրայ
Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով ներառուած է լրագրողներ ձերբակալող պետութիւններու ցանկին վրայ: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական խորհուրդի եւ անոր գործընկեր կազմակերպութեան «Լրագրողներու ապահովութեան հարթակ»-ի` 3 մարտին հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ:
«2025-ի աւարտին Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով հարթակին կողմէ արձանագրուեցաւ լրագրող կամ այլ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ ձերբակալող պետութիւններու շարքին: Այդ մէկը կատարուեցաւ փոտքասթ կատարող Վազգէն Սաղաթելեանի եւ Նարեկ Սամսոնեանի նախնական բանտարկութիւնը խափանման միջոց ընտրելէ ետք», կ՛ըսուի «Մամուլի ազատութիւնը 2025-ին» վերնագրուած փաստաթուղթին մէջ:
Ըստ վերոնշեալ զեկոյցին, Հայաստանէն բացի` բանտարկուած լրագրողներ կան եւրոպական հինգ այլ երկիրներու մէջ եւս` Ռուսիա (58 ձերբակալուած լրագրողներ), Ազրպէյճան (36), Պիելառուսիա (27), Թուրքիա (24) եւ Վրաստան (1):
Վերջերս Կայացաւ Եւրոպական Միութիւն–ԹՈՒՄՕ Համալիրի Շնորհահանդէսը
Փետրուար 24-ին ԹՈՒՄՕ-Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ Եւրոպական Միութիւն-ԹՈՒՄՕ-ի ճարտարագիտական եւ կիրառական գիտութիւններու համալիրը, անդրադարձ կատարուեցաւ ցարդ հրապարակուած ձեռքբերումներուն, եւ նշուեցաւ շինարարութեան պաշտօնական մեկնարկը:
42,5 միլիոն եւրօ արժողութեամբ նախագիծը ֆինանսաւորեց ԹՈՒՄՕ-ն, որմէ 12,5 միլիոն եւրօ տրամադրեց Եւրոպական Միութիւնը` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած «Եւրոպական Միութիւն յանուն նորարարութեան» ծրագրի շրջանակին մէջ:
Նախագիծը առանցքային նշանակութիւն ունի Հայաստանի կառավարութեան արհեստագիտական կրթութեան բարեփոխման եւ յառաջխաղացման գործին մէջ: Կեդրոնը, որուն ճարտարապետական նախագծումը իրականացուց աշխարհահռչակ «MVRDV ստուդիա»-ն, Երեւանի մէջ պիտի ծառայէ իբրեւ իւրայատուկ արհեստագիտական հանգոյց` խթանելով նորարարութիւնը եւ կամրջելով տնտեսութիւնն ու գիտութիւնը: Այն պիտի դառնայ նաեւ «ԹՈՒՄՕ» գիտաշխատանոցներու մնայուն տունը, որ անվճար կրթական ծրագիրներ պիտի առաջարկէ 18 տարիքը ամբողջացուցած բոլոր դիմողներուն:
ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան նշեց. «Այս շնորհահանդէսը ո՛չ միայն կը խորհրդանշէ կառոյցի շինարարութեան մեկնարկը, այլեւ մեր հաւաքական հաւատքն ու լաւատեսութիւնը` դէպի Հայաստանի ապագան: Պետութիւն, որ կը ներկայանայ համաշխարհային քարտէսի վրայ իբրեւ գիտական եւ արհեստագիտական հզօր կեդրոն»:
Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ Արշակ Արք. Խաչատրեան Բանտէն Ազատ Արձակուեցաւ
5 մարտին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան բանտէն դուրս եկաւ: Վերաքննիչ դատարանը զայն ազատ արձակեց:
Յիշեցնենք, որ Արշակ սրբազանը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նկուղին մէջ կը գտնուէր անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր:
Սրբազանին սպասող հարազատները, մայրը, հոգեւորականները եւ աջակիցները զայն ծափերով դիմաւորեցին:
«Ընդհանրապէս կը յիշեմ, որ կալանավայրերը կ՛անուանէին ուղղիչ աշխատանքային գաղութներ: Ուրախ եմ ըսելու, որ ես անուղղելի մնացած եմ, չեմ ուղղուած այդ առումով: Իմ հայեացքներու, իմ դիրքորոշումներու մէջ ոչինչ չէ փոխուած», յայտարարեց Արշակ սրբազանը:
Արշակ, Միքայէլ եւ Բագրատ սրբազանները բանտարկուած էին նոյն խուցին մէջ: Հիմա հոն մնաց միայն Բագրատ արք. Գալստանեանը: Լրագրողներ հարցուցին, թէ ինչպէ՞ս կ՛անցընէին իրենց ժամանակը: «Կը կարդայինք, կը մտածէինք, կը խօսէինք: Ամենամեծ ափսոսանքը այս պահուն նաեւ այդ է ինծի համար, որ Բագրատ սրբազանը խուցին մէջ առանձին մնաց, եւ կ՛ուզեմ, որ բոլորս աղօթենք Բագրատ սրբազանի հոգիի ամրութեան, պնդութեան համար, որ ի հարկէ այս ընթացքին չէ պակսած, ես կրնամ ըսել, Աստուած տայ, որ օր մը բոլորս մեր յամառ ցանկութիւններուն արդիւնքը տեսնենք», պատասխանեց Արշակ սրբազան` աւելցնելով. «Բան մը գիտեմ, ըսեմ, աւարտենք. վերջը լաւ պիտի ըլլայ, եթէ լաւ չէ, ուրեմն վերջը չէ»:
Արշակ սրբազանը Նիկոլ Փաշինեանի հակաեկեղեցական արշաւի թիրախներէն մէկն է: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դէմ Փաշինեանի ծրագիրը կը նկատէր հակաեկեղեցական արշաւ մը եւ ան Փաշինեանի կոշտ քննադատներէն է, իսկ իրեն վերագրուող անձնական բնոյթի տեսանիւթի գործի քննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է: Սրբազանը սկիզբէն պնդած էր, որ իրեն վերագրուող տեսանիւթը կեղծ է եւ շինծու: Պաշտպանական կողմը դիմած էր միջազգային փորձաքննութեան, եւ, ըստ անոր փաստաբանին, երեք երկիրներու փորձագէտներ եզրակացուցին, որ Արշակ սրբազանին վերագրուող տեսանիւթը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ: Այսօր եւս սրբազանը պնդեց, որ անիկա կեղծ է:
Ճարտարապետ Մարթին Միքայէլեանին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետական թանգարան-հիմնարկի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ վաստակաւոր ճարտարապետ Մարթին Միքայէլեանի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս` «Ես 100 տարեկան եմ եւ այսօր ալ հաշուետու եմ» խորագրով:
Ցուցահանդէսի համակարգող, ճարտարապետ Կարէն Բալեանի խօսքով, որ, ի դէպ, Մարթին Միքայէլեանի սանն է, պատահական չեն ընտրած խորագիրը: «Երբ մենք հաւաքուեցանք Մարթին Միքայէլեանի աւագ որդիին` ճարտարապետ Աւետ Միքայէլեանի տունը, եւ մտածեցինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կազմակերպենք ցուցադրութիւնը, հասկցանք, որ հիմնական նիւթը, որ պահպանուած է, վարպետին լուսանկարած նկարներն են: Այո՛, այդքան շռայլ ժառանգութիւն ձգած ճարտարապետներէն քիչերը հաւաքած են անձնական արխիւներ, աւա՜ղ: Եւ որոշուեցաւ, որ վարպետը ինքը իր լուսանկարներով հաշուետու ըլլայ:
Հաշուետու ըլլայ` իբրեւ վաստակաշատ ճարտարապետ, մանկավարժ, բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ, որոնց մէջ ամփոփած է իր ճարտարապետական հայեացքները: Նաեւ` իր գծած գեղանկարներով եւ բանաստեղծութիւններով», ըսաւ Բալեան եւ աւելցուց, որ շատ յուզիչ է, երբ ուսուցիչիդ կարենաս տարիներ ետք որոշ չափով յայտնել երախտագիտութիւնդ:
Մ
արթին Միքայէլեանի առաջին նախագիծը հայրական ընտանիքի առանձնատունն էր, Ալիխանեանի փողոցին վրայ, որ կատարուեցաւ իբրեւ ուսանողական աշխատանք:
«Հայրս այն հազուագիւտ ճարտարապետներէն էր, որ համարեա անոր բոլոր նախագիծներով շէնքեր կառուցուեր էին», նշած է Մարթին Միքայէլեանի կրտսեր որդին` Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Արեգ Միքայէլեանը:
Մարթին Միքայէլեանի կառոյցներու աշխարհագրութիւնը եւս իւրատեսակ ցուցանիշ է: Հայաստանի երեսուն բնակավայրերու մէջ կը գտնուին հարիւրէ աւելի կառոյցներ` առողջարաններ, մասնաւորապէս` Հանքաւանի մէջ, Ջերմուկի, մշակոյթի տուներ, բնակելի շէնքեր: Ան նախագծած է նաեւ Մեծամօր եւ Հրազդան քաղաքներու գլխաւոր յատակագիծները:




