Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Թռչող ինքնաշարժները հին ժամանակներէն արդէն յայտնուած են ճարտարագէտներուն կամ նոյնիսկ երազկոտ անձերու երեւակայութեան մէջ: 1894-ին, ամերիկացի-անգլիացի հնարող Հիրամ Մաքսիմ այս գաղափարը աւելի իրական դարձուց երեւակայելով եւ գծելով չորս անիւներով թռչունի նման մեքենայ մը, որ թռչելու կարողութիւն ունէր: Մաքսիմի այս երազը վերջապէս իրականութիւն կը դառնայ, շնորհիւ Քալիֆորնիա հաստատուած «Ալեֆ Աէրօնօթիքս» սթարթ-ափ ընկերութեան:
Այս ընկերութիւնը հիմնողները` Ճիմ Տուքովնի, Քոնսթանթին Քիսլի, Փավել Մարքին եւ Օլէկ Փեթրով առաջին անգամ այս ծրագրին վրայ սկսան աշխատելու 2015-ին: Անոնց գլխաւոր ներշնչումը եղած էր 1985-ի «Պեք թու տը ֆիւչըր» ժապաւէնը. այս ծրագրին առաջին գծագրութիւնները կեանք առին թաշկինակի մը վրայ: Սկիզբէն չորս բարեկամները ունէին յստակ նպատակներ: Մեքենան պէտք է կարենայ ճամբու վրայ քշուիլ, պէտք է ամբողջովին ելեկտրական ըլլայ եւ վերջապէս կարենայ ուղղահայեաց կերպով օդը բարձրանալ:
Մէկ տարուան մէջ խումբը կրցաւ շինել փոքր չափով ինքնաշարժէն օրինակ մը, որ առաջարկուեցաւ հետաքրքրուող անձերուն: Այս առաջին փորձէն ետք, երկու գլխաւոր օրինակներ յառաջացան` գլխաւոր ինքնաշարժը` «Մոտըլ Ա.» եւ աւելի յառաջդիմած օրինակ մը` «Մոտըլ Զ.», որուն իրագործումը տակաւին կը զարգացուի:
* * *
9 դեկտեմբեր 2025-ին «Ալեֆ» սկսաւ արտադրել իր առաջին «Մոտըլ Ա.» ինքնաշարժները Քալիֆորնիոյ գործարանին մէջ: Այս առաջին ինքնաշարժները ձեռքով կը շինուին եւ շինութեան համար կը գործածուին շատ թեթեւ նիւթեր, ինչպէս` քարպըն ֆայպըրը: Իւրաքանչիւր ինքնաշարժ օժտուած պիտի ըլլայ ելեկտրական մեքենաներով եւ պտուտակներով, եւ կարելիութիւնը պիտի ունենայ ուղղահայեաց կերպով օդը բարձրանալու, առանց թռիչքուղիի մը պէտք ունենալու: Երբ ան օդը բարձրանայ, պիտի թեքուի, որպէսզի ինքնաշարժին մարմինը 90 աստիճան անկիւնի վրայ ըլլայ: Ասիկա կարելիութիւնը պիտի տայ կողմերը թեւերու նման բանելու, մինչ քշողին խցիկը շիտակ կը մնայ:
Ճամբաներուն վրայ ինքնաշարժը պիտի կարենայ յառաջանալ մինչեւ 321 քմ, ժամական 40 քմ արագութեամբ: Մինչ օդերուն մէջ ան պիտի կարենայ թռչիլ անդադար մինչեւ 177 քմ` ժամական 177 քմ արագութեամբ:
* * *
Երբ ինքնաշարժները պատրաստ ըլլան, անոնք պիտի յանձնուին ընտրուած խումբ մը յաճախորդներու, փորձառական շրջանի մը համար` տեղեկութիւններ եւ տպաւորութիւններ քաղելու ինքնաշարժին մասին: Սակայն նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, մենք այս ինքնաշարժները օդին մէջ պիտի չտեսնենք մօտ ատենէն: Ամերիկեան օդանաւորդութեան վարչութիւնը մինչեւ հիմա միայն անոնց քննութեան եւ ցուցադրութեան համար կատարուած թռիչքները արտօնած է: «Ալեֆ» ընկերութիւնը տակաւին պիտի սպասէ ապահով կերպով ճամբաներուն վրայ քշելու եւ օդին մէջ թռչելու արտօնագիր ստանալու:
Սակայն, հակառակ ասոր, մարդիկ արդէն իրենց անունը արձանագրած են ինքնաշարժը գնելու համար: Աւելի քան 3500 անձեր արդէն ապսպրած են թռչող ինքնաշարժը, որուն գինը 300 հազար տոլար է:
Ծանօ՞թ Ես Քրիսթիան Վոլցի
Արտասովոր Կերպարներուն
Քրիսթիան Վոլց իւրայատուկ արուեստագէտ մըն է:
Ան կը գործածէ ամէնօրեայ կեանքի առարկաներ, որոնք սկզբունքով աղբաման պէտք է նետուին` ստեղծելու համար կերպարներ, անասուններ… Գործիքի մը կոթը կը դառնայ քիթ, կափարիչներ կը դառնան աչքեր, այս բոլորը իրարու միացած երկաթէ թելով մը, եւ ահա` տարօրինակ կերպար մը, որ կեանք կ՛առնէ: Եւ այս կերպարները կը դառնան մանուկներու գիրքերու հերոսները կամ ցուցադրուած քանդակներ…
* * *
Արդեօք Վոլցի գործերը քեզ ալ կը ներշնչե՞ն: Այս օրերուն, երբ մենք սովորականէն քիչ մը աւելի ազատ ժամանակ ունինք, առիթն է մեր գրասեղանը աշխատանոցի վերածելու, հաւաքելու մեր շուրջ գտնուած փոքրիկ ոչ անհրաժեշտ առարկաներ, ջուրի շիշի կափարիչ, մատիտ, կերպընկալէ փոքրիկ գաւաթ… եւ մեր կարգին այսպիսով կրնանք դառնալ փոքրիկ արուեստագէտներ նորութիւններ պատրաստելով:
* * *
Այս տարբեր առարկաները սփռէ սեղանիդ վրայ: Սակայն գործի անցնելէ առաջ թուղթի մը վրայ գծէ երեւակայած պատկերդ: Ապա, այս պատկերին հիմամբ փորձէ կազմել կերպարդ սեղանին վրայ գտնուող տարբեր առարկաներով:
Եւ երբ վերջացնես, մի մոռնար արուեստի գործդ նկարելու` զայն իբրեւ յիշատակ պահելու համար: Երբ ամէն ինչ վերջացնես, անշուշտ պէտք է մաքրես սեղանդ եւ ամէն ինչ դարձեալ իրենց տեղերը դնես:






