Երէկ Պաքուէն Հայաստան ուղարկուած է քարիւղամթերքի հերթական խմբաքանակը, կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը:
Կը նշուի, որ Հայաստան ուղարկուած է 1984 թոն տիզել (31 վակոն):
Բացի ատկէ, Պաքուէն Հայաստան ուղարկուած է նաեւ 2 վակոն` Ռուսիայէն 135 թոն պարարտանիւթով, որոնք կ՛անցնին Ազրպէյճանի տարածքով:
Անցեալ տարուան հոկտեմբերին նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ «Ազրպէյճան չեղեալ նկատած է Հայաստան ապրանքներու տարանցման արգելքը»:
Արդէն նոյեմբերին Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստան տեղափոխուեցաւ ռուսական եւ ղազախական ծագման ցորէն: Կապալայի մէջ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆայեւ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան նոյեմբերին քննարկած էին Ազրպէյճանէն Հայաստան նաւթի ու քարիւղամթերքի արտահանման հարցը: Անցեալ դեկտեմբերին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք առաջին անգամ Հայաստան ներածուեցաւ շուրջ 1300 թոն ազրպէյճանական պենզին:


