Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

March 3, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը, որ սկիզբ առաւ 28 փետրուար 2026-ին խոր մտահոգութեամբ անդրադարձաւ համաշխարհային վերջին զարգացումներուն եւ յատկապէս հայրենիքի մէջ կատարուած վերջին իրադարձութիւններուն:

Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան հայատեաց մօտեցումը մերժելով` ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը, անոնց շղթայազերծած ապօրինի ձերբակալութիւնները, անարդար դատաքննութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դէմ կատարուող լայնածաւալ հալածանքները: Արժանապատիւ կեանք մը կերտելու համար անհրաժեշտ է հաւաքական արժէքները վեր դասել անձնական շահերէն, յարգել խօսքի ազատութիւնը եւ գործել միայն ի խնդիր Հայաստանի ազատութեան, բարօրութեան եւ իսկական խաղաղութեան:

Աւելի՛ն. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը զօրավիգ կը կանգնի Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի իշխանութեան ու միջազգային հանրութեան` հետապնդելու Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով դատապարտուած բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը եւ ապահովելու անոնց տունդարձը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը շեշտէ, որ իսկական խաղաղութիւն կը հաստատուի միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը վերատիրանայ իր ամբողջական եւ արդար իրաւունքներուն:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն, որոնք կ՛ապացուցեն, որ համաշխարհային քաղաքականութիւնը սկսած է փուլ առ փուլ կերպարանափոխուիլ եւ ստանալ նոր ու անորոշ դիմագիծ մը: 28 փետրուարին Իրանի դէմ սկսած ամերիկեան-իսրայէլեան օդային յարձակումները ապացոյցն են այս իրողութեան: Այս բոլորին լոյսին տակ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներ կը գտնուին վտանգի եւ անորոշութեան մէջ, իսկ խաղաղութեան հաւանականութիւնը կը նուազի: Այս գծով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Միջին Արեւելքի բոլոր հայ գաղութներուն եւ երիտասարդական միութիւններուն` յուսալով, որ այս դժուարութիւններն ալ կարելի կ՛ըլլայ շրջանցել, եւ միասնական բռունցքով ու աշխատանքով կարելի կ՛ըլլայ դիմագրաւել հայութեան դիմաց ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը նաեւ  քննեց լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս` լիբանանահայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ երիտասարդական թեւ եւ դաստիարակչական միաւոր, հետամուտ է այս բոլոր խնդիրներուն եւ պատրաստակամ է պահպանելու իր ինքնութիւնը, ազգային ու յեղափոխական դիմագիծը եւ յարատեւ աշխատանք կատարել իր շուրջ համախմբելու համար հայ երիտասարդութիւնը:

Հետեւաբար, այս բոլորը լուսարձակի տակ առնելով, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը կու գայ հաստատելու, որ Հայ դատի աշխատանքներէն մինչեւ հայկական գաղութներու պահպանում անհրաժեշտ է համայն հայութեան միասնականութիւնը եւ համագործակցութիւնը` յանուն մէկ եւ արդար նպատակի, յանուն արժանապատիւ խաղաղութեամբ կերտուած ամբողջական Հայաստանի:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ հայու արդար իրաւունքներու պաշտպան, միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ իր յառաջատար դիրքին վրայ մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրագործումը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 30-ՐԴ ԺՈՂՈՎ

1 մարտ 2026

 

Նախորդը

Լեզուական. Ձօն` Բոլոր Անոնց, Որոնք Կը Դեգերին Հայոց Լեզուի «Նորակազմ Բառերու» Անդաստանին Մէջ

Յաջորդը

Այսօր Պահն Է Համազգային Դիմադրութեամբ Ապահովելու Մեր Ժողովուրդին Ու Հայրենիքին Լինելիութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.