Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան անգամ մը եւս ուրախ պահեց Պելկրանոյի համակիրները գեղեցիկ կոլով մը:
Արդարեւ, Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին գծով, Պելկրանօ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տեֆենսա Խուսթիսիայի հետ:
54-րդ վայրկեանին Նիքօ Ֆեռնանտեսի փոխանցումէն ետք, Զելարայեան գնդակը շտկելէ ետք անզսպելի եւ ուժգին հարուածով մը մօտ 25 մեթրէն գնդակը ղրկեց Խուսթիսիայի բերդին վերի հեռու անկիւնը:
Սակայն Պելկրանօ չկրցաւ պահպանել այս կոլը, եւ դաշտին տէրերը կրցան 96-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակել հաւասարութեան կոլը: Տեֆենսա եւ Խուսթիսիա Ա. խմբակի 3-րդ դիրքը կը գրաւէ (10 կէտերով), մինչ Պելկրանօ Բ. խմբակի 3-րդ դիրքը կը գրաւէ 12 կէտերով:


