Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփիրքին. «Հայաստանի Արեւմուտքին Մերձեցումը Մոսկուա-Երեւան Յարաբերութիւններուն Համար Նոր Մարտահրաւէրներ Կը Ստեղծէ»

February 9, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Արեւմուտքին մերձեցումը Մոսկուա-Երեւան յարաբերութիւններուն համար նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

Դիւանագէտը նշած է, որ Հայաստանը իր արտաքին քաղաքական կապերուն առումով լայն բազմազանացման քաղաքականութիւն կը վարէ, եւ այդ քաղաքականութեան նշանակալի տարրը արեւմտեան երկիրներու, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ մերձեցումն է:

«Մենք գիտենք, թէ Եւրոպական Միութիւնը այժմ թշնամական քաղաքականութիւն կը վարէ Ռուսիոյ նկատմամբ եւ, ընդհանուր առմամբ, իր գործընկերներուն տալով բացայայտ ազդանշան, թէ անոնք պէտք է աջակցին այդ քաղաքականութեան, ներառեալ պատժամիջոցները: Ի հարկէ, ասիկա նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ մեր յարաբերութիւններուն համար եւ երկու կողմերէն կը պահանջէ շատ ողջամիտ, հաւասարակշռուած եւ իմաստուն մօտեցում, ինչպէս նաեւ ռազմավարական հեռատեսութիւն», ըսած է Քոփիրքին` «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն:

Ան աւելցուցած է, որ այդ ամէնը կը պահանջէ, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները յարմարին նոր իրողութիւններուն:

Դեսպանը նաեւ նշած է, որ Մոսկուա պատրաստ է քննարկելու Ռուսիոյ «Թրամփի ուղի» նախագիծին միանալու կարելիութիւնը` յատկապէս հաշուի առնելով Ռուսիոյ եւ Հայաստանի գործակցութիւնը երկաթուղային ոլորտի զարգացման գործին մէջ:

Քոփիրքինի համաձայն, Ռուսիա ուշադիր կը հետեւի, թէ «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծին շուրջ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ:

Նախորդը

Պայրամովն Ու Ֆիտանը Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Յաջորդը

Հելպըրկ Վանսի Հետ Պիտի Այցելէ Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.