Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակամարտութեան Մէջ Վստահելի Միջնորդը. Խորքային Դիտարկումներ Եւ Պատասխաններ` Հակամարտութիւններու Լուծման Մասնագէտ Հրայր Պալեանի Կողմէ

February 7, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ԱԼԻՔ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանութիւն` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Լուսնակարը` Նիք Պուրչըլի

Դոկտ. Հրայր Պալեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Ան խաղաղութիւն կերտող փորձառու գործիչ է, բանակցող եւ միջնորդ, որուն մասնագիտական ուղին զինք աշխարհի տարբեր անկիւններ տարած է: Իր ասպարէզին ընթացքին ան աշխատած է թէ՛ հակամարտութիւններու գօտիներու, թէ՛ դիւանագիտական միջավայրերու մէջ` համագործակցելով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի (Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակ) եւ բազմաթիւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ` իր կեանքը նուիրելով խաղաղութեան եւ արդարութեան հետապնդման գործին:

Տարիներու ընթացքին դոկտ. Պալեան ղեկավար դիրքեր ստանձնած է աշխարհի տարբեր հեղինակաւոր հաստատութիւններու մէջ: Իր գործունէութեան ծիրին մէջ ան աշխատած է Ժընեւի մէջ գործող Կովկասի օրէնքի եւ հակամարտութիւններու լուծման կեդրոնին մէջ, ապա` Սարայեւոյի Միջազգային ճգնաժամային խումբին եւ Աթլանթայի «Քարթըր» կեդրոնին հետ: Ան նաեւ բարձր պաշտօններ ստանձնած է Ապիճանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընտրութիւններու բարձր յանձնակատարի գրասենեակին եւ Վարշաւայի մէջ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ին, ինչպէս նաեւ` այլ կառոյցներու մէջ:

Իր գործունէութեան կողքին, դոկտ. Պալեան իրաւաբանութեամբ զբաղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ իր փորձառութիւնը փոխանցած է դասախօսութիւններու միջոցով աշխարհի տարբեր համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու մէջ: Ներկայիս իր ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուին Հարաւային Կովկասն ու Լեւանտը:

Ան հեղինակն է մօտ ապագային լոյս տեսնելիք «Anatomy of Peacemaking: Nagorno-Karabakh Conflict and Missed Opportunities» խորագրեալ գիրքին, որ պիտի հրատարակուի անգլերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներով` 2026 թուականի գարնան:

Մասնագիտական ուղիս զիս առերես բերած է նաեւ այլ բացառիկ դէմքերու հետ, բայց նոյնպէս` առաջնորդներու հետ, որոնց ձեռքերը արեան մէջ թաթխուած են: Ասիկա եւս այս գործին մէկ մասն է. հակամարտութիւններու լուծման մէջ անհրաժեշտ է պատրաստ ըլլալ նստելու ոեւէ մէկուն դիմաց:

Հ.-  Շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ ժամանակ տրամադրեցիք մեզի հետ բաժնելու ձեր դիտարկումները հակամարտութիւններու լուծման մասին, նիւթ մը, որ այսօր աւելի քան երբեք արդիական է հայերուն համար` թէ՛ ներքին իմաստով, թէ՛ արտաքին: Սակայն նախ սկսինք ձեր անձնական ուղիէն: Ինչպէ՞ս ընտրեցիք հակամարտութիւններու լուծման ոլորտը: Կը փափաքինք, որ մեզի հետ կիսէք նաեւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու եւ նախագահ Ճիմի Քարթըրի հետ ձեր աշխատանքային փորձառութիւններէն:

Պ.- Հակամարտութիւնը կեանքիս վրայ իր դրոշմը դրած է սկիզբէն ի վեր: Լիբանանի մէջ հասակ նետելով հայ ընտանիքի մը մէջ` շրջապատուած էի վայրագութեան, ցեղասպանութեան, տեղահանութեան եւ քաղաքական ցնցումներու պատմութիւններով ոչ թէ իբրեւ հեռաւոր անցեալ, այլ` իբրեւ կենդանի յիշողութիւն, որ ներհիւսուած էր առօրեայ զրոյցներուն մէջ: Բռնութիւնը միայն քննարկման նիւթ չէր. ան մշտապէս ներկայ էր: Այս իրողութիւնները դարձան ինքնութեանս մէկ մասը:

Վերջին 35 տարիներուն ընթացքին բացառիկ պատիւը ունեցած եմ աշխատելու նշանաւոր առաջնորդներու կողքին: Նախագահ Քարթըր առանձնակի տեղ կը գրաւէ. խոր արժանապատուութիւն, պարկեշտութիւն եւ խոնարհութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մը, որ ինծի աւելի շատ բան սորվեցուց, քան երբեւէ պիտի կարենայի պատկերացնել: Խորապէս երախտապարտ կը մնամ ինծի տրուած այն կարելիութեան համար` աշխատելու թէ՛ անոր համար, թէ՛ անոր հետ այնքան սերտօրէն:

Մասնագիտական ուղիս զիս առերես բերած է նաեւ այլ բացառիկ դէմքերու հետ, բայց նոյնպէս` առաջնորդներու հետ, որոնց ձեռքերը արեան մէջ թաթխուած են: Ասիկա եւս այս գործին մէկ մասն է. հակամարտութիւններու լուծման մէջ անհրաժեշտ է պատրաստ ըլլալ նստելու ոեւէ մէկուն դիմաց:

Հ.- Դուք կարեւոր դերեր ստանձնած էք ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, Միջազգային ճգնաժամային խմբակին եւ ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութիւններուն մէջ, ներառեալ` Պոսնիոյ, Քոթ տ՛Իվուարի եւ Պալքաններու մէջ: Հակամարտութիւններու լուծման ո՞ր հիմնական կիրարկումները ամէնէն արդիւնաւէտը կը համարէք այս իւրաքանչիւր ծիրին մէջ:

Պ.- Մինչ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի յատուկ մարտահրաւէրներ, որոնք թարմ մարտավարական մտածողութիւն կը պահանջեն, սակայն որոշակի հիմնարար սկզբունքներ կը գերազանցեն անհատական պարագաները: Այս հիմնական դասերը, որոնք կատարելագործուած են կիրարկումի միջոցով, կը կազմեն արդիւնաւէտ միջնորդութեան հիմքը:

Խոնարհութիւնը կը հանդիսանայ առաջին եւ ամէնէն կարեւոր սկզբունքը: Ոչ մէկ երրորդ կողմի միջնորդ, անկախ փորձառութենէ, պէտք է ենթադրէ, որ ինք աւելի լաւ կը հասկնայ հակամարտութիւնը, քան` զայն ապրողները: Հակամարտութեան մէջ ապրողները իրենց իրավիճակին վերաբերեալ ունին այնպիսի ըմբռնումներ, որոնք ոչ մէկ արտաքին անձ կրնայ ամբողջութեամբ հասկնալ:

Ներառուածութիւնը կը ներկայացնէ երկրորդ հրամայականը` խօսիլ բոլորին հետ: Երբեք մի՛ բացառէք մասնակիցները պարզապէս այն պատճառով, որ զանոնք անուանած են «ահաբեկիչներ», «ծայրայեղականներ», կամ դասած են այլ անցանկալի դասակարգերու մէջ: Բանակցութիւններէն դուրս մնացածները անխուսափելիօրէն կը վերադառնան` խափանելու որեւէ համաձայնութիւն: Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ կայուն խաղաղութիւնը կը պահանջէ նոյնիսկ ամէնէն խնդրայարոյց մասնակիցներու ներկայութիւնը սեղանին շուրջ:

Երրորդ սկզբունքը կը ներառէ ժամանակային կեդրոնացում. դիմադրել անցեալի տառապանքներու վրայ կեդրոնանալու մղումին եւ փոխարէնը` կեդրոնանալ տարբեր ապագայ մը կերտելու վրայ: Այս շարունակական յառաջընթացը կարելի կը դառնայ, երբ միջնորդները կ՛օգնեն կողմերուն` տարբերակել իրենց հիմնական կարիքները եւ բանակցային ցանկութիւնները: Խնդիրներու լուծումը կը ծաղկի, երբ քննարկումները կը կեդրոնանան հիմնական պահանջներու լուծման վրայ, այլ ոչ թէ` ցանկութիւններու ընդլայնման վրայ:

Վերջապէս, միջնորդները պէտք է օգնեն կողմերուն` դրական իմաստ տալ «փոխզիջում» եզրին: Փոխզիջում` չի նշանակեր տկարութիւն կամ դաւաճանութիւն, այլ կը ներկայացնէ յառաջընթացը կատարելագործութեան փոխարէն ընտրելու քաջութիւնը: Փոխզիջումը յաղթանակ-կորուստ մտածելակերպը կը վերածէ համագործակցութեան վրայ հիմնուած խնդիրներու լուծման:

Այս սկզբունքները հազիւ կը շօշափեն արդիւնաւէտ միջնորդութեան մակերեսը, սակայն անոնք անհրաժեշտ ուղեցոյց կը նկատուին նոյնիսկ ամէնէն դժուար լուծելի վէճերուն ընթացքին:

Հ.- Ինչպէ՞ս հակամարտութիւններու լուծման մասնագէտները վստահութիւն կը հաստատեն եւ չէզոքութիւն կը պահպանեն միջնորդութեան գործընթացին մէջ: Ինչպէ՞ս անոնք կ՛երաշխաւորեն, որ վերջնական արդիւնքին մէջ աւելի թոյլ կողմին (պարտուած կողմին) իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանուած մնան:

Պ.- Մինչդեռ իւրաքանչիւր միջնորդութիւն կը պահանջէ նորարարական մտածելակերպ եւ բաց միտք, անդին`  որոշակի հիմնարար կիրարկումներ մշտապէս կարեւոր են:

Գլխաւոր կէտը փոխըմբռնման եւ վստահութեան հաստատումն է: Բոլոր կողմերուն հետ իսկական կապի հաստատումը յաջող միջնորդութեան անկիւնաքարն է: Այս կը սկսի աշխուժ կերպով լսելէն` բաց պատասխաններով հարցումներ տալով, պատասխանները կրկնելով եւ վերաձեւակերպելով, զգացումները ընդունելով եւ հիմնական կէտերը ամփոփելով` իսկական հասկացողութիւն ցուցաբերելու համար: Միջնորդները պէտք է վաւերացնեն իւրաքանչիւր կողմի փորձառութիւնները եւ զգացումները` առանց անպայմանօրէն պաշտպանելու անոնց դիրքորոշումները:

Վստահութիւնը կը զարգանայ թափանցիկութեան եւ անվտանգութեան միջոցով: Գաղտնիութեան արձանագրութիւններու յստակ բացատրութիւնը, յարգալից հաղորդակցութեան հիմնական կանոններու սահմանումը եւ անկեղծ արտայայտման համար տարածքի ստեղծումը` առանց դատողութեան կամ վրէժխնդրութեան վախի, կը դառնան իմաստալից երկխօսութեան նախապայմաններ: Միջնորդները հեղինակութիւնը կը կերտեն ըլլալով անկեղծ` իրենց դերին, գործընթացին եւ շահերու հաւանական բախումին վերաբերեալ:

Այստեղ անհատականութիւնը շատ մեծ դեր կը խաղայ: Նախագահ Ճիմի Քարթըրի եւ ծերակուտական Ճորճ Միչելի նման առաջնորդները յաջողութեան կը հասնին ոչ միայն գործընթացային փորձագիտութեան, այլեւ իրենց ազնուութեան եւ կարողութիւններուն նկատմամբ վստահութիւն ներշնչելու իրենց ունակութեան շնորհիւ: Երբ կողմերը կը վստահին միջնորդին բնաւորութեան եւ կարողութիւններուն, անոնք աւելի պատրաստակամ կը դառնան անկեղծօրէն ներգրաւուելու:

Կարեւոր է նաեւ կառավարել կողմնակալութիւնը ու չէզոքութիւնը: Արդիւնաւէտ միջնորդները կը պահպանեն իրենց անձնական, մշակութային եւ ընկերային սեփական կողմնակալութիւններուն վերաբերեալ զգօն ինքնագիտակցութիւնը` միաժամանակ աշխուժօրէն կանխելով անոնց ազդեցութիւնը գործընթացին վրայ: Այս կը պահանջէ զրոյցները անձնական յարձակումներէն եւ մեղադրանքներէն տեղափոխել պահուած շահերու եւ կարիքներու վրայ` խթանելով աւելի առարկայական եւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն:

Նոյնքան կարեւոր է նաեւ ուժերու անհաւասարակշռութեան լուծումը: Միջազգային միջնորդութիւնը յաճախ կ՛ենթադրէ կողմերու միջեւ ուժերու զգալի անհաւասարութիւն: Հմուտ միջնորդները կը կիրարկեն յատուկ ռազմավարութիւններ` թոյլ կողմերու արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Անոնք կը ստեղծեն իսկապէս չէզոք տարածքներ, ուր բոլոր մասնակիցները կրնան ներգրաւուիլ` առանց նախապաշարումներէ վախնալու, ապահովելով արտայայտման հաւասար կարելիութիւններ, միաժամանակ աշխուժօրէն արդարացնելով աւելի նուազ հզօր կողմերու մտահոգութիւնները:

Երբեմն այս կը նշանակէ կարողութիւններու զարգացում` թոյլ կողմերուն բանակցային հմտութիւններու վերաբերեալ մարզում, կամ անոնց իրաւունքներու եւ տարբերակներու պարզաբանում: Վստահելի միջնորդները նաեւ կը միջամտեն հարկադրական մարտավարութիւնը կանխելու համար` ապահովելով, որ որեւէ համաձայնութիւն բխի իրազեկուած համաձայնութենէ, այլ ոչ թէ` սպառնալիքէ: Կեդրոնանալով խորքային շահերու վրայ, այլ ոչ թէ` կարծրացած դիրքորոշումներու վրայ, միջնորդութիւնը կը խրախուսէ ստեղծագործական լուծումներ, որոնք կը լուծեն բոլորին հիմնարար կարիքները` միջազգային իրաւունքի եւ հաստատուած չափանիշներու ծիրին մէջ:

 

* Հրապարակուած` ՀԲԸՄ ամսագիրի դեկտեմբեր 2025-ի թիւին մէջ:

(Շար. 1)

 

 

 

Նախորդը

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

Յաջորդը

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.