Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեբաններուն Կարծիքով. Արդեօ՞ք Երեխան Անձկութենէ Կը Տառապի

February 5, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հոգեբաններու կարծիքով, կան անձկութեան 8 նշաններ, որոնք անտարբեր պէտք չէ ձգեն ծնողները:

1.- Երեխան յաճախ կը տառապի փորի կամ գլխու ցաւերէ, որոնք առողջական պատճառներ չունին: Անձկութիւնը յաճախ մարմնին միջոցով կ՛արտայայտուի երեխաներուն մօտ:

2.- Երեխան տեւաբար նոյն հարցումները կ՛ուղղէ` վստահ ըլլալու, հանգստանալու համար:

3.- Երեխան չափազանց զգայուն է ձախողութեան նկատմամբ: Ան կը տագնապի այն պարզ միտքէն, որ կրնայ սխալիլ:

4.- Երեխան յաճախ «բացակայ» է, լուսնին վրայ, կամ «քարացած», որոշ կացութիւններու դիմաց:

5.- Երեխան կը խուսափի որոշ բաներէ` դպրոց յաճախելէ, մարդոց հետ յարաբերելէ, տունէն դուրս ելլելէ:

6.- Երեխան չափազանցուած ձեւով կը կապուի ծնողներուն` վախնալով, որ անոնք կրնան մեկնիլ:

7.- Երեխան յաճախ եղունգները կը կրծէ, ինքզինք կը քերէ, բաներ կը խածատէ եւ այլն…

8.- Երեխան առանց «պատճառի» կը ցնցուի կամ շատ արագ կը մտահոգուի:

* * *

Անձկութենէ տառապող երեխան կարիք ունի զգալու, որ իր յուզումները կառավարելի են, իսկ ծնողները պէտք է անոր կողքին կանգնին, լսեն եւ փորձեն միասնաբար յաղթահարել դժուարութիւնները:Ծնողները պէտք չէ նսեմացնեն կամ թերագնահատեն երեխային մտահոգութիւնները` «բան մը չէ» ըսելով. ասիկա ոչ միայն չի փարատեր անոր վախերն ու մտահոգութիւնները, այլ, ընդհակառակը` աւելի եւս կը ծանրացնէ վիճակը:

Արդիւնքի չհասնելու պարագային, ծնողները պէտք է անյապաղ դիմեն դպրոցի հոգեբանին, գործակցին անոր հետ` երեխան դուրս բերելու համար անձկութեան վիճակէն:

Ընտանեկան Մթնոլորտին
Ազդեցութիւնը Երեխային Վրայ

Հոգեբաններուն կարծիքով, ընտանեկան մթնոլորտը մեծ ազդեցութիւն կը գործէ երեխային անհատականութեան վրայ: Այսպէս`

– ԱՆԿԱՅՈՒՆ ընտանեկան մթնոլորտը երեխային մէջ կը զարգացնէ գերզգաստութիւն: Ան կը դառնայ մնայուն, զգօն, մտահոգ եւ լարուած:

– ԼԱՐՈՒԱԾ ընտանեկան մթնոլորտը երեխային մէջ կը զարգացնէ գերյարմարեցում: Ան կը թաքցնէ իր պահանջները, կը ջանայ հաճոյանալ ուրիշներուն, կը կորսնցնէ իր անհատականութիւնը:

– ԱՊԱՀՈՎ ընտանեկան մթնոլորտը երեխային մէջ կը զարգացնէ վստահութիւնը: Ան ինքզինք կը զգայ ապահով ու կը բարձրանայ անոր ինքնագնահատականը:

– ԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ընտանեկան մթնոլորտը երեխան կը դարձնէ ինքնավար: Ան ընտրութիւններ կը կատարէ, կարծիք կ՛արտայայտէ, անկախ եւ պատասխանատու կը զգայ:

Առողջապահական

Ջուրի Շիշը Մանրէներու
Բազմացման Վա՞յր…

Հաշուի առնելով բազմակի օգտագործման ջուրի շիշերու աճող ժողովրդականութիւնը, հարց կը յառաջանայ. արդեօ՞ք այս առօրեայ իրը մանրէներու բազմացման վայր է:

Ֆրանսական TF1 պատկերասփիւռի կայանի «Bonjour» հաղորդման առողջապահական մեկնաբան բժիշկ Վենսան Վալենտիւք մէջբերելով «Water Filter Guru» ամերիկեան ընկերութեան մէկ ուսումնասիրութիւնը` կը յայտնէ, որ ջուրի շիշ մը կը պարունակէ 20 միլիոն մանրէ, կամ 40 հազար աւելի, քան` զուգարանի աթոռին կափարիչը…

Ուրկէ՞ կու գան այս մանրէները. հիմնականին մէջ անոնք կու գան լորձունքէն, բայց նաեւ` մեր ձեռքերէն: Աւելի՛ն. որքան շիշին մէջի ջուրը սենեակի ջերմաստիճանով կը մնայ, այնքան մանրէները կը բազմանան… աւելցնելով, որ ջուրի շիշին արտաքին մասը նոյնպէս մանրէներ կը կրէ, քանի որ ան կը թափառի ամէնուրեք` մարզասրահ, գործի վայր, դպրոց, փոխադրակառք եւ այլն…

Խնդիրը աւելի եւս ծանրակշիռ կը դառնայ, երբ շիշը կը պարունակէ ոչ թէ ջուր, այլ` քարցր ըմպելիքներ, որոնք կը նպաստեն մանրէներու աճին:

Վենսան Վալենտիւք խորհուրդ կու տայ շիշը լուալ իւրաքանչիւր օգտագործումէ ետք` օգտագործելով պնակ լուալու հեղուկ դեղերը, ապա շատ լաւ ցօղուել եւ մանաւանդ` օրական նորոգել ջուրը:

Սննդագիտական

 Սնունդի Շուրջ Տարածուած
Մոլորութիւններ

Սնունդի շուրջ տարածուած շատ մը մոլորութիւններ կու գան` գովազդներէն, կիսատ գիտական ուսումնասիրութիւններէ, կամ ընկերային կարծրատիպերէ:

Ճիշդ սնանիլ` կը նշանակէ լսել գիտութիւնը, ոչ թէ հաւատալ ամէն ինչին, որ կը կարդանք համացանցին վրայ:

Եկէ՛ք, բացայայտենք ամենատարածուած, բայց սխալ պատկերացումները` սնունդի եւ սնանելու հետ կապուած:

  • – «Ածխաջուրերը միշտ վնասակար են»:
    Շատեր կը կարծեն, որ ածխաջուրերը պէտք է ամբողջութեամբ ջնջել սննդակարգէն, բայց իրականութեան մէջ`

– Մեր ուղեղի հիմնական ուժանիւթի աղբիւրը ածխաջուրերն են,
– Արագ ածխաջուրերը (շաքար, քաղցրաւենիք, կազաւորուած ըմպելիքներ…) վնասակար են,
Դանդաղ ածխաջուրերը (հացահատիկ, ընդեղէն, ամբողջական հաց…) անհրաժեշտ են մարմնին:

  • «Աղը կը սպաննէ»

Ասիկա եւս չափազանցուած պատկերացում է: Այո՛, աղի չարաշահումը վնասակար է, բայց լիարժէք հրաժարումը կրնայ յանգեցնել`

– Էլեկտրոլիթներու հաւասարակշռութեան խախտման,
– Արեան ցած ճնշումի,
– Մկանային կծկումներու:
Իտէալական չափաբաժինը` օրական 5 կրամ է: Հարցը ոչ թէ աղին մէջ է, այլ` գերբարձր մշակուած սնունդին մէջ, ուր աղին քանակը բարձր է:

  • «Աւոքատոն եւ ընկուզեղէնը կը գիրցնեն»

Այո՛, այս մթերքները բարձր ջերմուժ ունին, բայց անոնք հարուստ են առողջ ճարպերով, որոնք`

– Կ՛օգնեն սրտանօթային համակարգին,
– Կը կարգաւորեն հորմոնային հաւասարակշռութիւնը,
– Կը նուազեցնեն ընկճախտի մակարդակը:
Կարեւոր է չչարաշահել, բայց առողջ ճարպերէն հրաժարիլը սխալ է:

  • «Ամէն ինչ, որ բնական է, միշտ օգտակար է»

Բնական ծագումը երաշխիք չէ, որ ան առողջ է:

– Բազմաթիւ բնական բոյսեր, սունկ եւ թէյեր կը պարունակեն թունաւոր նիւթեր,
– «Բնական» պիտակը գովազդային հնարք է եւ յաճախ կը մոլորեցնէ մարդիկը:

  • «Սուրճը վնասակար է»

Սուրճը տարիներ շարունակ սխալ գնահատուեր է: Խորքին մէջ`

– Միջին չափաբաժիններով սուրճը կը բարելաւէ յիշողութիւնը, կեդրոնացումը եւ նիւթափոխականութիւնը,
– Սուրճին մէջ կայ հակաօքսիտաններու մեծ քանակ, որոնք կը պաշտպանեն բջիջները,
– Վնասակար է միայն չափէն շատ սուրճի օգտագործումը` 5-6 գաւաթէն աւելին:

ՇԱՐՓԵՐՈՒՆ (ECHARPES)
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՏՈՒԷՔ

Շարփերը անժամանցելի աքսեսուարներ են, որոնք ոճ, գոյն եւ վայելչութիւն կը հաղորդեն մեր հագուստներուն: Եթէ ձեռքի տակ ունիք շարփեր, մանաւանդ` որակաւոր, արժէքաւոր նմուշներ, զգեստապահարանին խորը դիզելու կամ ուրիշին տալու փոխարէն` անոնց երկրորդ կեանք մը տուէք: Ահա՛ հետաքրքրական տարբերակներ

– Բարձրացուցէք ձեր պայուսակին շքեղութիւնը` օգտագործելով շքեղ շարփ մը:

– Շարփերը վերածեցէք պատի արուեստի գործերու:

– Շարփը օգտագործեցէք որպէս գօտի:

– Շարփը ոճաւորեցէք որպէս վերնաշապիկ:

– Շարփերու միջոցով թարմացուցէք ձեր տան յարդարանքը` բարձի եւ սեղանի ծածկոցներ պատրաստելով:

– Շարփերը օգտագործեցէք որպէս շքեղ մազի աքսեսուարներ:

Խոհագիր

 Նիւթելլայով Աղանդեր

Բաղադրիչներ

– 1 ծրար պատրաստ շերտաւոր խմոր
– 6 ապուրի դգալ Նիւթելլա
– 1 հաւկիթի դեղնուց
– Մանրուած կաղին, եթէ ձեռքի տակ ունիք

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Շերտաւոր խմորը բանալ եւ բաժնել 6 հաւասար մասերու: Իւրաքանչիւր կտոր իր կարգէն բաժնել երկուքի` ստանալու համար ընդամէնը 12 հաւասար խմորի կտորներ:

6 խմորի կտորներուն վրայ դնել մէկական ապուրի դգալ Նիւթելլա, ապա զանոնք ծածկել մնացեալ 6 կտոր խմորներով: Պատառաքաղի մը միջոցով լաւ փակել խմորներուն չորս կողմերը, ապա դանակի միջոցով երեսներուն 3 բացուածքներ բանալ, հաւկիթի դեղնուցով ծեփել եւ քանի մը պտղունց կաղինով զարդարել: Կաղինը կարելի է փոխարինել շաքարաւազով:

Ափսէին յատակը մոմ թուղթով ծածկել, խմորները իրարմէ հեռու շարել եւ եփել 180 ջերաստիճանով` 20-25 վայրկեան:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Այսօր Նիւթելլայի համաշխարհային օրն է, ան ամէն տարի կը նշուի փետրուար 5-ին: Նիւթելլան ստեղծուեցաւ 1964-ին «Ֆերրերօ»-ի կողմէ: Ամէն տարի աշխարհի մէջ կը սպառի աւելի քան 365 թոն Նիւթելլա…

*
*  *

Շաբթուան Մտածումը

Ո՞վ է հնարել, թէ կարելի է ուրիշի վիշտը կիսել, ծիծաղելի է, կարելի է գուցէ ուրախութիւնը կիսել կամ գտած փողը կիսել, բայց վի՞շտը…

Վիշտը մարդու միակ սեփականութիւնն է մնում այս երերուն հողի վրայ:

Վիշտը ոչ միայն միակ, վիշտը մարդու վերջին սեփականութիւնն է, որովհետեւ ոչ ոք երբեք չի ուզենայ խլել այն, ինչպէս մնացած ամէն ինչ այս երերուն հողի վրայ:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Ըստ Արաբ Պաշտօնատարի Մը Եւ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն-Թեհրան Ժողովները Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Գումարուին Թուրքիոյ Մէջ

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան
Կնոջական

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան

September 10, 2026
Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար
Կնոջական

Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար

September 3, 2026
Փորձառուներու Կարծիքով…  Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ Պտուղներ Եւ Բանջարեղէն
Կնոջական

Փորձառուներու Կարծիքով… Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ Պտուղներ Եւ Բանջարեղէն

August 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.