Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

February 4, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Լիբանանի համար գերիշխանական ճակատ»-ի պատուիրակը ընդունելով յայտնեց. «Օտար պետութիւններուն Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերականգնումն ու անոր աջակցիլը բնական արդիւնք են Լիբանանի ներկայիս կատարածին` պետութեան հաստատ հիմերու վրայ վերակառուցման, մասնաւորաբար օրէնքի իշխանութեան տարածման եւ զէնքի մենաշնորհի գործադրման առումներով: Անոնք երկու հարցեր են, որոնցմէ ետդարձ չկայ, ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, եւ աշխատանք կը տանինք զանոնք հաւասարապէս ողջախոհութեամբ, իրատեսութեամբ ու պատասխանատուութեան իրագործելու: Անկարելի է դադրեցնել կատարումը երդման ճառիս մէջ խոստացածիս, որ թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ արտերկրի մէջ աջակցութիւն ստացաւ, եւ որ մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ իմ վրաս, որպէսզի հաւատարիմ մնամ անոր»:

Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց, որ ինք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ կառավարութիւնը կը պնդեն երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու իրենց ժամկէտին, որ ճշդուեցաւ 3 մայիսին:

«Մերթ ընդ մերթ զանոնք տարբեր պատճառներով որոշ ժամանակով յետաձգելու մասին արծարծուող գաղափարները զիս բացարձակապէս չեն հետաքրքրեր, որովհետեւ ատիկա լիազօրութեան մէջ է օրէնսդրական իշխանութեան, որ այդպիսի գաղափարները պէտք է քննարկէ», նշեց ան:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, թէ բոլոր թեկնածուներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, «մանաւանդ որ ընտրական դաշինքներու մէջ պիտի չմտնեմ, եւ պարտականութիւնս ընտրական հոլովոյթին պարկեշտութիւնը, անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը ապահովելն է»:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ աշխատած է եւ կը շարունակէ աշխատիլ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ` «երկիրը նոր պատերազմի մէջ չներքաշելու համար, որովհետեւ լիբանանցի ժողովուրդը այլեւս չի կրնար նոր պատերազմներուն դիմանալ, եւ որովհետեւ միջազգային հանգամանքները ստեղծած են տուեալներ, որոնց պէտք է վերաբերիլ իրատեսօրէն եւ տրամաբանօրէն` Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը պաշտպանելու համար, քանի որ որեւէ անխուսափելի վտանգ պիտի չթիրախաւորէ լիբանանցիներուն մէկ խումբը, այլ բոլորը, եւ եթէ կառոյցը, Աստուած չընէ, փուլ գայ, անիկա բոլորին գլխուն փուլ պիտի գայ»:

«Յոյսով եմ, որ Լիբանանին որեւէ վտանգ խնայելու համար գործադրուող ջանքերը հասկացողութեան պիտի արժանանան եւ դրական յանձնառութիւն ստանան», եզրափակեց նախագահ Աուն:

 

Նախորդը

Սալամ. «Ոեւէ Մէկուն Պիտի Չարտօնենք Լիբանանը Նոր Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշել»

Յաջորդը

Պաղայի. «Իրանի Անվտանգութեան Որեւէ Սպառնալիք Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.