Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ. «Իրանի Վրայ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ»

January 30, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներու ընթացքին ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Իրանի դէմ կրկին հնչած զինուորական գործողութիւններու սպառնալիքներուն յայտարարեց, թէ ներկայիս Իրանի վրայ յարձակումի որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունի:

Ռուպիօ ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ներկայութեան ուժեղացման նպատակը «մեր անձնակազմին նկատմամբ Իրանի հաւանական սպառնալիքներէն պաշտպանուիլն է»:

Թեհրանի կառավարութեան փոփոխութեան կարելիութեան մասին հարցումին ի պատասխան Ռուպիօ ըսաւ, որ ատիկա «շատ մանրակրկիտ մտածում» պիտի պահանջէ, որովհետեւ այդ հոլովոյթը Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հեռացումէն «շատ աւելի բարդ պիտի ըլլայ»:

«Բողոքի ցոյցերը կրնան մարիլ, սակայն անոնք ապագային կրկին պիտի սկսին, որովհետեւ այս վարչակարգը պատրաստ չէ փոխուելու կամ հեռանալու, ոչ մէկ ձեւով կը կարենայ լուծել խնդիրները իրանցի ժողովուրդին, որ արժանի է աւելի լաւին»:

Ուաշինկթըն Մտադիր Չէ
Վենեզուելայի Դէմ Ուժ Կիրարկելու

Անդրադառնալով Վենեզուելայի հարցին` ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Միացեալ Նահանգներ մտադիր չեն Վենեզուելայի դէմ կրկին զինուորական ուժ կիրարկելու եւ կ՛ակնկալեն, որ ատոր անհրաժեշտութիւնը պիտի չըլլայ»:

«Միացեալ Նահանգներ շատ աւելի լաւ գործընկեր են Վենեզուելայի ապագայ կառավարութեան համար, որ ազատ եւ ժողովրդավարական է, եւ նոյնիսկ ներկայ կառավարութեան համար, քան այն որոշ գործընկերները, որոնց հետ անիկա ներկայիս կը համագործակցի: Անկեղծօրէն, մենք կը կարծենք, որ Վենեզուելայի շահերէն չի բխիր Իրանի ներկայութիւնը, կամ իրանեան զէնքի վաճառքը, կամ նմանատիպ որեւէ բան իրենց երկրին վաճառելը», ընդգծեց ան:

Ուքրանիոյ Հարց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ կը քննարկուին Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքները, որոնք կրնան ներառել բրիտանական ու ֆրանսական զօրքերու տեղակայումը եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը:

«Առանց ամերիկեան անվտանգութեան երաշխիքներու, եւրոպական զօրքերու Ուքրանիոյ մէջ տեղակայումը իմաստ պիտի չունենայ», ըսաւ Ռուպիօ:

Նախորդը

Էրտողան Թրամփին Առաջարկած Է Իրանի Հարցով Եռակողմ Վեհաժողով Գումարել

Յաջորդը

Քալիպաֆ. «Պատրաստ Ենք Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցելու, Եթէ Բանակցութիւնները Անկեղծ Ու Իսկական Ըլլան»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.