Եւրոպական Միութիւնն ու Ազրպէյճանը երէկ համաձայնած են ամրապնդելու իրենց գործընկերութիւնը Եւրոպական Միութեան «Կլոպըլ Կէյթ» նախաձեռնութեան եւ վերջերս սկսած Միջշրջանային կապերու ծրագիրի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, կողմերը նպատակ ունին միասնաբար բացայայտել նոր տնտեսական կարելիութիւններ` փոխադրամիջոցի, թուային ճարտարագիտութիւններու, ուժանիւթի եւ առեւտուրի ոլորտներուն մէջ կայուն ու դիմացկուն կապերու միջոցով, ինչպէս նաեւ խթանելու երկարաժամկէտ համատեղ բարգաւաճումը, համագործակցութիւնն ու խաղաղութիւնը:
Եւրոպական Միութիւնն ու Ազրպէյճանը, Եւրոպական ներդրումային դրամատան հետ միասին, համաձայնութեան եկած են սկսելու Նախիջեւանի երկաթուղիի նախագիծի իրագործելիութեան ուսումնասիրութեան աշխատանքները:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ ասիկա զգալի ներդրում է Ազրպէյճանի եւ աւելի լայն շրջանի մէջ շարժունակութեան եւ տնտեսական հոսքերու բարելաւման առումով: Այս երկաթուղին պիտի ըլլայ աւելի մեծ Անդրկասպեան փոխադրամիջոցային միջանցքի մաս, որ նպատակ ունի Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան կապել տարանցման 15 օր նախատեսուած ժամանակով:


