Իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զէնքի գոյութիւնը պիտի չարտօնէ, ինչպէս նաեւ պիտի չարտօնէ իր սահմանին վրայ կուսակցութեան «սպառնալիքի» վերականգնումը:
Աղբիւրը նշած է, թէ լիբանանեան բանակը կը փորձէ կազմաքանդել Հըզպալլան, սակայն անոր ջանքերուն ազդուութիւնը տակաւին տկար է:
Ան ըսած է, թէ կուսակցութիւնը իր զէնքին կառչելու վրայ կը պնդէ, քանի տակաւին լիբանանեան բանակը իր վերահսկողութիւնը ամբողջութեամբ չի պարտադրեր` աւելցնելով, որ շփման գիծին վրայ Հըզպալլայի գաղտնի գործունէութիւններ գոյութիւն ունին:
Իսրայէլեան զինուորական աղբիւրը նշած է, որ Հըզպալլայի հրթիռային կարողութիւնները մեծապէս վնասուեցան, սակայն վերջ չգտան, եւ Իսրայէլ շարունակ կուսակցութիւնը տկարացնելու վրայ կ՛աշխատի: Ան յայտնած է, որ Հըզպալլան կը փորձէ ինքզինք եւ իր ենթակառոյցն ու զինուորական կարողութիւնները վերականգնել, ինչպէս նաեւ ապագայ զինուորական ճակատումի պատրաստուիլ:
Աղբիւրը «Հատաս»-ին ըսած է, որ Հըզպալլան կը փորձէ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան օգնելու ծածկոյթին տակ ինքզինք վերականգնել եւ հարաւային գիւղերու մէջ տարբեր համակարգերու վերականգնման վրայ կ՛աշխատի:
Իսրայէլեան զինուորական աղբիւրին համաձայն, Ամալ շարժումը յարձակումներու թիրախ չի դառնար, որովհետեւ զինուորական աշխատանք չի տանիր, եւ նշած, որ Սուրի շրջանին մէջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ լարուածութիւն գոյութիւն ունի:
Իսրայէլեան զինուորական աղբիւրը սէուտական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի իր ճակատագիրը Իրանին կապելու անցեալ շաբթուան որոշումը ռազմավարական սխալ մըն էր:
Ան նաեւ հարաւային Լիբանանի գիւղերուն մէջ Հըզպալլայի կապի անդամներուն առնչուած «մեծ դէպք»-ի մը ակնարկած է:


