Այս տարեշրջանին Պայերն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի մէջ 16 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրած էր, բայց շաբաթ օր Աուկսպուրկէն կրեց իր առաջին անակնկալ պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ, իրար դէմ կը հանէր յարձակողական եւ պաշտպանողական խումբեր: Պայերն անխնայ կը յարձակէր մրցումի սկիզբէն, բայց մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց եւ կոլ մը նշանակեց շնորհիւ ճափոնցի յետսապահ Հիրոքի Իթոյի, Մայքըլ Օլիսէի քոռնըրէն ետք: Բ. կիսախաղին Արթուր Չաւես եւ Հան-Նոա Մասսենկօ նշանակեցին անակնկալ կոլեր` Աուկսպուրկը բարձրացնելով 15-րդ դիրքէն 13-րդին: Օլիսէ 95-րդ վայրկեանին քիչ մնաց նշանակէր Պայերնի հաւասարութեան կոլը, բայց անոր անզսպելի հարուածը զսպեց… Աուկսպուրկի բերդի վերի անկիւնի սիւնը:
Պայերն Միւնիխի 11 կէտերու առաւելութիւնը նուազեցաւ 8-ի, երբ աւելի ուշ Ունիոն Պերլին իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Տորթմունտէն, որ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:


