Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ եւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ուրբաթ գիշեր Ինթեր Միլանի պատմութեան ամէնէն երէց կոլ նշանակող մարզիկներուն 5-րդ դիրքը գրաւեց` դուրս ձգելով պատմական մարզիկ Ճիուսեփէ Մէացան այդ ցանկէն:
Արդարեւ, Մխիթարեան, որ 2 օր առաջ 37 տարեկան դարձած էր, Փիզայի դէմ «Սերի Ա.»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումին նշանակեց իր ակումբի 6-րդ կոլը` 93-րդ վայրկեանին հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին:
Ինթեր Միլան, որ դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէր, կը հիւրընկալէր վերջին դիրքը գրաւող Փիզան: Մրցումի առաջին 23 վայրկեաններուն Ինթերի բերդապահ Եան Զոմեր կարծէք տակաւին Արսենալի դէմ (3-1) «Չեմփիընզ լիկ»-ի պարտութիւնը «չէր մարսած» եւ աններելի սխալով 2 կոլեր ալ ստացած էր: Ինթեր կիսախաղէն 6 վայրկեան առաջ ինքզինք գտաւ` նշանակելով 3 կոլեր, եւ Բ. կիսախաղին ալ նշանակեց 3 այլ կոլեր, որոնց 6-րդը` Մխիթարեանի շնորհիւ:
Միայն Խաւիէ Զանեթթի (37 տարեկան, 4 ամիս եւ 5 օր), Ֆրանչեսքօ Աչերպի (37 տարեկան, 2 ամիս եւ 26 օր), Էտին Ճեքօ (37 տարեկան, 1 ամիս եւ 23 օր) եւ Սինիսա Միհայիլովիչ (37 տարեկան, 1 ամիս եւ 19 օր) աւելի երէց էին, երբ կոլ նշանակեցին Ինթերի շապիկով:
Հակառակ իր տարիքին, Մխիթարեան կը շարունակէ բարձր մակարդակի ֆութպոլ ցուցաբերել եւ կը մնայ Ինթերի կարեւորագոյն մարզիկներէն մէկը` ապացուցելով, որ վարպետութիւնը եւ արհեստավարժութիւնը տարիքի հետ կապ չունին: Մինչեւ եղանակի աւարտը, հայ ֆութպոլիստը կրնայ նոյնիսկ գրաւել այս ցանկին առաջին դիրքը:


