Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց պատուոյ հիւպատոսները` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Սինկափուրի պատուոյ հիւպատոս Ժոզեֆ Հպէյսի:

«Ձեզի կը վստահինք պարտականութիւնը Լիբանանի իսկական պատկերը փոխանցելու ձեր ներկայացուցած պետութիւններուն, եւ ոչ թէ այն պատկերը, զոր ոմանք դիտաւորեալ կերպով կ՛աղաւաղեն կամ անոր իրականութիւնը կը փոխեն», ըսաւ ան:

«Ինչպէս արդէն ըսած եմ, Լիբանան ճիշդ ուղիի վրայ է` հակառակ մարտահրաւէրներուն եւ որոշ խնդիրներուն, սակայն ոչինչ անկարելի է: Կառավարութիւնը, որուն ձեւաւորման մէկ տարի չէ անցած, շատ բան ըրած է եւ տուած է որոշումներ, որոնք գրեթէ 40 տարիէ ի վեր չեն տրուած, եւ լրացուցած է վարչակազմերու բացը: Այս ընթացքին ձեռք բերուածը կարեւոր նուաճում մըն է, որ ոչ ոք կրնայ ժխտել, եւ տակաւին շատ բան կայ ընելիք», նշեց Հանրապետութեան նախագահը:

Ան մաղթեց, որ այս տարին անցեալ տարիէն աւելի լաւ ըլլայ, ինչ կը վերաբերի բարեկարգումներուն, որոնց վրայ աշխատանք կը տարուի, եւ վարչութիւններու թուայնացման, դրամատնային եւ ելեւմտական կացութեան բարեկարգման, հարաւային Լիբանանի մէջ եւ Սուրիոյ հետ սահմաններուն վրայ կացութեան կայունացման:

Հանրապետութեան նախագահը աղաւաղման եւ ապակողմնորոշման կարգ մը արշաւները մատնանշելէ ետք յայտնեց. «Իրողութիւնը ամբողջովին տարբեր է, եւ բոլորը կրնան վկայել, թէ ի՛նչ կը կատարուի եւ պիտի կատարուի: Մենք սեմին կանգնած ենք երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնք պէտք է իրենց ժամկէտին կատարուին, որովհետեւ սահմանադրական գործընթաց են եւ արտերկրի մէջ մեր հաւաստիութիւնը կ՛ամրապնդեն, ինչպէս նաեւ ընթացող բարեկարգումներուն մաս կը կազմեն, եւ կարելի չէ այդ բարեկարգումին միակ մէկ բաժինը կատարել»:

«Ելեւմտական բացի ծրագիրը նոյնիսկ խորհրդարանին ներկայացուելէ առաջ քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ, սակայն կարեւորը այն է, որ կառավարութիւնը մշակեց օրինագիծ մը, որ թէեւ կատարեալ կամ բացարձակապէս արդար չէ, սակայն այժմ գոյութիւն ունի օրինագիծ մը, որ խորհրդարանական յանձնախումբերն ու խորհրդարանը կրնան քննարկել եւ անոր շուրջ նկատումներ կատարել, նախքան անոր շուրջ նկատումներ կատարելու համար ինծի փոխանցելը, եւ եթէ պէտք ըլլայ զայն խորհրդարանին կը վերադարձնեմ: Սակայն պահ դրուած գումարներու սեփականատէրը այլեւս գիտէ, թէ իր գումարները պիտի չկորսուին, եւ կարելի է զանոնք որոշ ժամանակամիջոցի մէջ վերստանձնել` պահ դրուած գումարները անոնց սեփականատէրերուն վերադարձնելու հիմք ստեղծող որեւէ օրէնքի բացակայութեան լոյսին տակ անորոշութեան մէջ մնալու փոխարէն», նշեց Աուն:

«Ընդհանուր առմամբ, ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ, եւ տնտեսական վիճակը շատ աւելի լաւ է, ինչի մասին կը վկայեն ձեռք բերուած ցուցանիշերը:

«Զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ աշխուժութեան վերականգնումը կը վկայէ, որ վստահութիւնը կը վերականգնի Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ: Ձեր դերն է ամրապնդել այլ երկիրներու հետ այս վստահութիւնը: Ձեզ կը շնորհաւորեմ Սուրբ Ծնունդի տօնին եւ Ամանորի առիթով եւ յոյսով եմ, որ յաջորդ տարի կրկին կը հանդիպինք աւելի լաւ պայմաններու մէջ` աւելի մեծ նուաճումներու հասնելով», եզրափակեց հանրապետութեան նախագահը:

 

 

Նախորդը

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.