Սուրիական իշխանութիւններուն սանձազերծած տարածքներու, ռազմական առումով քրտազերծման արշաւը թէեւ զինադուլային կանգառներ կ՛արձանագրէ, այդուհանդերձ իբրեւ մեծ ծրագիր կը շարունակուի: Իրադարձութիւններու ընթացքը այնպէս կը համոզէ, որ Հալէպի շրջակայքի քրտաթափումով կանգ չ՛առներ այն ծրագիրը, որ մշակած են սուրիական իշխանութիւնները եւ հիմնականին մէջ անոնց ետին կանգնած ուժերը:
Շատ կ՛արծարծուի քրտական գործօնին նկատմամբ ամերիկեան ռազմավարութեան շրջադարձի մասին: Կանուխ է այդ ուղղութեամբ բացարձակ եզրայանգումներ արձանագրելը, այդուհանդերձ այս փուլին պարզ է, որ Ուաշինկթընը ո՛չ յայտարարութիւններով, ո՛չ ալ գործնապէս սատար կը կանգնի քիւրտերուն կամ կ՛արգելակէ քրտազերծումի այս արշաւանքը:
Սուրիական հասկացողութեամբ Դամասկոսի յայտարարութիւնները ազգային փոքրամասնութեան շրջանակներուն մէջ քիւրտերուն կրթական, մշակութային եւ լեզուական բոլոր իրաւունքները յարգելու կամ այդ մարզերուն մէջ ինքնակառավարման կարելիութիւններ ընձեռելու բուն ծրագիրին նախաբանը կը կազմէին:
Հիւսիսային Սուրիոյ քրտաբնակ եւ քրտական իշխանութեան ներքոյ եղած որոշ տարածքներու սուրիական ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուիլը անպայման չ՛ենթադրեր առաջադրուած ամբողջական ծրագիրի իրականացում: Քիւրտ զինեալ խմբաւորումները կը յայտնեն զէնքէն չհրաժարելու մասին իրենց դիրքորոշումները եւ կը խոստանան դիմադրել. կը խօսուի հազարաւոր քիւրտերու Իրաքի եւ Թուրքիոյ սահմաններէն Սուրիա անցնելու երեւոյթներուն մասին, առ ի զօրակցութիւն իրենց հայրենակիցներուն:
Ռազմագիտական դիտարկումներէն եւ ուժերու յառաջխաղացքներէն, նահանջներէն եւ յարակից տեղաշարժներէն անկախ, անհրաժեշտ է քաղաքական գործընթացներու եւ ներգրաւուած պետութիւններու շահագրգռուածութեան առած քայլերուն մասին որոշ դիտարկումներ արձանագրելը:
Սուրիոյ քիւրտերը կ՛առաջադրեն դաշնակցային Սուրիոյ ձեւաւորումը: Այդ կը նշանակէ ազգային պատկանելիութեան եւ ժողովրդագրական խորապատկերի հիման վրայ ձեւաւորել սուրիական տարբեր ինքնավարութիւններ: Դամասկոսը կտրուկ դէմ է այս առաջադրանքին եւ կը փորձէ ամէն գնով չէզոքացնել զինեալ ամէն տեսակի երեւոյթ, կեդրոնական իշխանութեան ամրակայման եւ գերիշխանութեան հաստատման համար:
Նախընթաց դէպքեր պատահեցան ալեւի եւ տիւրզի ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ: Տարածքներու վերահսկողութեան տարբեր պատկերներ ստեղծուեցան, եւ արձանագրուեցաւ ժողովրդային արտահոսք ներսուրիական հասկացողութեամբ: Ծովեզերեայ շրջաններէն ալեւիներ հեռացան, իսկ տիւրզիներ` հարաւային Սուրիայէն:
Կեդրոնանանք հարաւային շրջանին վրայ եւ անմիջապէս նկատենք Իսրայէլի բացայայտ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը տիւրզիներուն: Դիմում` տիւրզիներու կողմէ Իսրայէլին, որպէսզի իր հովանաւորութեան տակ առնէ զիրենք` պաշտպանելու համար սուրիական զինեալ ուժերէն: Թել Աւիւի միջամտութիւնը այսօր նոր գոյավիճակ ստեղծած է. իսրայէլեան ուժերու կողմէ սուրիական որոշ տարածքներու վերահսկողութեամբ:
Հիմա, քիւրտերը ամերիկեան օժանդակութեան բացակայութեան կը դիմեն Իսրայէլին, որպէսզի սատարէ իրենց: Մեծ հանգոյցը այստեղ է: Եթէ Թել Աւիւ շարժի այնպէս, ինչպէս շարժեցաւ տիւրզիներու պարագային, ապա կը ձախողի Անգարայի քրտազերծումի ծրագիրը: Իսրայէլի թէական միջամտութիւնը անպայման համակարգուած կ՛ըլլայ Ուաշինկթընի հետ: Այդ պարագային Անգարան ստացած կ՛ըլլայ իր պահանջածին մէկ մասը: Քաղաքական տրամաբանութեամբ արդիւնքը կ՛ըլլայ այս բոլորին այն, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա, շահերու բախումի տեսքով, ըստ էութեան կը բաժնեկցին վերահսկողութեան գօտիներ սուրիական տարածքներու վրայ:
Հայկական դիտակէտերը պէտք է առաւելագոյն զգօնութիւն ցուցաբերեն այս բոլորին մէջ: Հայ համայնքը այսօրուան դրութեամբ հիմնականին մէջ տեղաբաշխուած է Հալէպի եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ` Դամասկոսի եւ Քեսապի առընթեր: Այդ գօտիները այսօր տարբեր ազդեցութեան ներքոյ են: Գօտիները վերահսկողները հակադրուած են եւ զինեալ բախումներու մէջ են իրար դէմ: Չներքաշուելու, պետական ուղեգիծին վրայ մնալու, միաժամանակ տուեալ գօտիին մէջ իշխող ուժերու հետ իւրայատուկ յարաբերելու եղանակները պահելու ուղղութեամբ անվտանգային եւ գոյութենական խնդիր կը դիմակայեն համայնքի պատասխանատուները: Երեւանը եւս պարտաւոր է այս բոլոր զգայուն կէտերը խորապէս ընկալելու եւ ըստ այնմ իր դիւանագիտութիւնը գործի լծելու:
Արկածախնդրական մօտեցումները, չկշռադատուած յայտարարութիւնները, խուճապահարման միտող տեղեկատուութիւնները կամ այդ հիմունքով առնուած որեւէ քայլ կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ. եւ հետեւաբար արտօնուած չեն տակաւին անկանխատեսելի նկատուող նման փուլերու:
«Ա.»


