Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի 47-րդ նիստի աւարտին նիստին մասնակից երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներուն Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին առջեւ պաշտօնական լուսանկար առնուեցաւ:
Լիբանան այս նիստին մասնակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմէր Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան, Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ալի Հալապին, Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս Տանի Պարպարին եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ երիտասարդութեան բաժանմունքի պետ Հասան Շարարան:


