Նոայի եւ Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահ Օկնյեն Չանչարեւիչ փոխանցուեցաւ Սերպիոյ «Իմթ» ակումբ:
36 տարեկան բերդապահը, որ ծնունդով սերպ է, նախընտրեց ասպարէզի իր վերջին տարիները աւարտել իր ծննդավայրին մէջ:
Նովի Պէոկրատի «Իմթ» ակումբը կը գրաւէ Սերպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ դիրքը եւ կը փորձէ հեռանալ վտանգաւոր դիրքերէ: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Փարթիզան Պելկրատ, որ 1 կէտի առաւելութիւն ունի Կարմիր Աստղ Պելկրատի վրայ, 16 խումբերէ կազմուած Սերպիոյ բարձրագոյն դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Նոա ակումբը շնորհաւորական նամակ ղրկեց Չանչարեւիչին: Նամակին մէջ կը նշուի. «Շնորհակալ ենք, Օկնյեն, արհեստավարժ բարձր կեցուածքիդ, աննկուն կամքիդ եւ մեր երազներու ճամբուն վրայ մեզի հետ ըլլալուդ համար: Միասին ապրեցանք անմոռանալի պահեր եւ ֆութպոլի շատ գեղեցիկ դրուագներ: Այս յիշողութիւնները յաւերժ կը մնան մեր ակումբի պատմութեան մէջ: Յաջողութիւն կը մաղթենք քեզի ֆութպոլի յառաջիկայ ծրագիրներուդ մէջ»:
Չանչարեւիչ Նոային միացած էր 2024-ին, ձմրան հեռանալէ ետք Ալաշկերտէն:
Երեւանեան ակումբին հետ անոր ամէնէն յիշատակելի պահերէն մէկը դարձաւ իր պատմական կոլը յունական Ա.Է.Ք.-ի բերդին մէջ, «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի մրցումներուն: Չանչարեւիչ դաշտի մէջ հեռու հարուածով մը կրցած էր նշանակել Թոմաս Սթրաքոշայի բերդին մէջ:


