Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը երէկ կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, անոր յանձնուած է բողոքագիր, որուն մէջ խոր վրդովմունք արտայայտուած է ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանին մաս կազմող ծրագիրի եթերին մէջ հնչած յայտարարութիւններուն առիթով: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ըստ Անի Բադալեանի, «ընդգծուած է, որ անոնք Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ անթոյլատրելի ոտնձգութիւն են ու թշնամական դրսեւորում եւ կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հիմնարար սկզբունքները»:

Քրեմլինի ամէնէն յայտնի քարոզիչներէն մէկը` Վլատիմիր Սոլովիով իր հեղինակային «Երեկոն Վլատիմիր Սոլովիովի հետ» հաղորդման ընթացքին դարձեալ Հայաստանին անդրադարձած է` խօսելով, ինչպէս ինք ձեւակերպած է, Հայաստանի մէջ եւս Ուքրանիոյ օրինակով «յատուկ ռազմական գործողութիւն» սկսելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ուքրանիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմը պաշտօնական Մոսկուան «յատուկ ռազմական գործողութիւն» կ՛անուանէ:

«Եթէ մեր ազգային անվտանգութեան համար մեզ անհրաժեշտ էր յատուկ ռազմական գործողութիւն սկսիլ Ուքրանիոյ տարածքին, ինչո՞ւ նոյն պատճառներով չենք կրնար յատուկ ռազմական գործողութիւն սկսիլ մեր ազդեցութեան գօտիի այլ կէտերուն մէջ», յայտարարած է Սոլովիով:

Հայաստան արդէն գրեթէ երկու տարիէ ի վեր իր տարածքին մէջ եթերազրկած է Վլատիմիր Սոլովիովի հեղինակային հաղորդումները:

Նախորդը

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Քանի Մը Շաբաթէն Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Ապահովական Նոր Համաձայնութիւն Մը Պիտի Ստորագրուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.