Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութիւնը (KHF) կազմակերպեց իր տարեկան բարեսիրական ընթրիքը, Չորեքշաբթի 11 Դեկտեմբերին, Սենթ Ռեժիս պանթոկէն ներս, ներկայութեամբ միութեան անդամներուն եւ հանրային տեղացի եւ օտար անձնաւորութիւններու:
Հիւրերու շարքին էր Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արսէն Առաքելեան:
Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութիւնը հիմնուած է 2018-ին, նպատակն է՝ աջակցիլ ուսանողներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն, եւ բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերել:
Իւրաքանչիւր տարի միութիւնը բարեսիրական ընթրիք կը կամակերպէ եւ կը պարգեւատրէ 10 անձերու, որոնք օժանդակած են Քուէյթի բարգաւաճման եւ նեցուկ կանգնած են միութեան:
Այս տարի, որպէս հայ-քուէյթեան յարաբերութիւններուն մեծապէս նպաստող եւ օժանդակող, պարգեւատրուեցաւ քուէյաթահ բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որը հեղինակն է Ներսէս Շնորհալի տարեկան ուսանողական մրցանակին Քուէյթի եւ Հալէպի մէջ:
Հանդիսութեան ընթացին Միութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Ահմատ Ալ-Սարրաֆ միութեան առանձնայատուկ կողմերուն մասին ըսաւ. «Մեր ջանքերը կեդրոնացուցինք մարդասիրական հարցերուն վրայ եւ գտանք, որ հիւանդ ու կարիքաւոր օտարերկրացի բնակիչը պէտք է առաջնահերթութիւն ստանայ, յատկապէս անոնք՝ որոնք աւելի խոցելի են։ Մենք խտրութիւն չենք դրած սեռի, գոյնի կամ կրօնքի միջեւ»:
Ան ընդգծեց. «Մենք կը հպարտանանք, բարեսիրական միութիւններու հարցերով զբաղուող նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ներկայութեամբ, մեր մաքուր արձանագրութեամբ եւ որեւէ խախտումէ զերծ ըլլալով»։
Իր հերթին, միութեան գործադիր տնօրէն Խալէտ Պըն Սեպթ ներկայացուց միութեան շարք մը ձեռքբերումներ, որոնց մէջ էր նիւթական դժուարութեան մէջ գտնուող հիւանդներու՝ ինչպէս քաղցկեղով եւ երիկամային անբաւարարութեամբ տառապող հիւանդներու աջակցութիւնը՝ ապահովելով անոնց անհրաժեշտ բուժումը, դեղերը, բժշկական օժանդակութիւնը եւ երիկամի լուացում։


