Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առտու կանուխ, Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքով Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ հայաբնակ շրջաններուն մէջ հրասանդներէ արձակուած ռումբերու հետեւանքով վնասներ արձանագրուեցան: Վնասները նիւթական էին:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց. «Սուրիոյ կառավարութեան յարձակումը 10 ապրիլի համաձայնութեան խախտում է, եւ թշնամական գործելաոճի շարունակումը վտանգաւոր հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»:

Սուրիոյ կառավարական ուժերը Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակիչներուն մինչեւ ժամը 13:00 առիթ տուին այդ շրջաններէն դուրս գալու` նշելով, որ ժամը «կէսօրուան 13:30-ին պիտի թիրախաւորենք Հալէպի Աշրաֆիէ, Շէյխ Մաքսուտ եւ Պանի Զէյտ թաղամասերուն մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու դիրքերը»:

Ճշդուած ժամուն բախումները սաստկացան:

Մինչ Եւրոպական Միութիւնը ինքնազսպումի կոչ ուղղեց` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նշեց. «Բազմիցս զգուշացուցինք անկէ, որ Հալէպի մէջ տեղի կ՛ունենայ, եւ եթէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը համարկման փուլերուն սկսած ըլլային, այսօրուան իրադարձութիւնները չէինք տեսներ»:

Ֆիտան ըսաւ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը Իսրայէլի հետ կը գործակցին եւ բաժնէ որ տիրեսի քաղաքականութեան կիրարկումը ընտրած են:

«Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պէտք է հրաժարին ահաբեկչութենէն ու անջատողական մտածելակերպէն», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պէտք է հեռանան Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ թաղամասերէն եւ իրենց ծանր զէնքերը յանձնեն, որպէսզի սուրիական կառավարութիւնը կարողանայ իր պարտաւորութիւնները կատարել»:

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ վերջին օրերուն Հալէպի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով Հալէպի հայութեան մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ չեն արձանագրուած: Նախանցեալ օր Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «Երեքշաբթի միջօրէին սկսած ընդհարումներուն, ապա երեկոյեան յայտարարուած զինադադարէն ետք, Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ շրջաններուն մէջ եւ անոնց շուրջ լուրջ ընդհարումներ կը նախատեսուին: Ըստ սուրիական բանակի զինուորական գործողութիւններու խորհուրդին, Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ շրջաններու մէջ ընդհարումներ կը նախատեսուին այսօր յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն վերջ: Պետութիւնը մարդասիրական անցքեր տրամադրած է Աուարետ եւ Շարեհ Ազ Զուհուր հրապարակներուն մօտ, տեղւոյն բնակչութեան դուրս գալը ապահովելու համար:

Ընդհարումներու սահմանագիծին բնակող մեր հայրենակիցներու ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը տրամադրելի է, եւ կրնան այնտեղ ապաստանիլ մինչեւ վիճակի կայունացումը:

Որեւէ դժուարութեան կամ շտապ կարիքի պարագային կարելի է զանգել հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն.

Տիգրանեան կեդրոն- 0965437612
Ս. Աստուածածին եկեղեցի- 0954019530
0982172535

Whatsapp. 0933 928 361
0932 521 735

Բժշկական որեւէ կարիքի պարագային դիմել ՍՕ Խաչի դարմանատուն, Նոր Գիւղ»:

Ապահովական ծանր կացութեան պատճառով Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան կրօնական ժողովը չեղեալ յայտարարեց Մեռելոց յիշատակի արարողութիւնը: Նոյնպէս, քաղաքին մէջ գտնուող բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները իրենց դռները փակ պահեցին: «Գանձասար» հրապարակեց Հալէպի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու պետերուն կոչը` քաղաքին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ երկխօսութեան դիմելու:

Ի տես Հալէպի մէջ ստեղծուած ապահովական ծանր կացութեան, երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը քանի մը անգամ կապ հաստատեց «Գանձասար»-ի խմբագրութեան հետ` կացութեան աւելի իրազեկ դառնալու համար:

Նախորդը

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.