Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Սուրբ պատարագին, վեհափառ հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին մայր տաճարի լուսարարապետ Սիփան արք. Քէչէճեան եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան: Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Նշենք, որ սուրբ պատարագին մասնակցելու նպատակով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աուն ուղարկեց իր ներկայացուցիչը` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Մեծաթիւ հաւատացեալներու կողքին սուրբ պատարագին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամները, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Յընթացս սուրբ պատարագին, լուսարարապետ սրբազան հայրը, «Լոյս ի լուսոյ» շարականին երգակցութեամբ, միւռոնաթափ աղաւնին Սուրբ Երրորդութիւն խորանէն առնելով` յանձնեց վեհափառ հայրապետին, որ, իր կարգին, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետը յղեց իր հայրապետական պատգամը:

Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւակներուն աւետեց Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը: Ապա, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` ան ըսաւ, որ «դարեր առաջ, Բեթղեհէմի մսուրին մէջ տեղի ունեցաւ մարդկային պատմութեան մեծագոյն խորհուրդը, շարականին բառերով` «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: Երկինքը երկիր իջաւ, որպէսզի երկինքէն հեռացած երկիրը մօտեցնէ երկինքին: Աստուած մարդ դարձաւ, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը դարձեալ մօտեցնէ Իրեն: Եդեմի դրախտը դարձած էր Աստուած-մարդ առաջին հանդիպման վայրը. միաժամանակ Եդեմը դարձած էր Աստուած-մարդ հեռացման վայրը` մարդուն մեղանչումով ու դրախտէն վտարումով: Բեթղեհէմը դարձաւ Աստուած-մարդ վերահանդիպման վայրը»:

Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը կեդրոնացաւ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին վրայ եւ յայտնեց, որ «Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը դարձաւ մարդուն վերածնունդը: Իր Միածին Որդւոյն ճամբով, Աստուած մարդկային բնութիւն առաւ, դարձաւ Աստուածամարդ, մարդուն վերամարդացման համար: Արդարեւ, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը էական էր մարդու վերամարդացման համար` մեղքի տիրապետութենէն անոր ազատագրման, մարդուն մէջ Աստուածային պատկերին ու նմանութեան վերականգնման, մարդը դէպի փրկութեան ճամբան առաջնորդելու համար: Ինչպէս աւետարանիչը կ՛ըսէ` Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ Իր Միածին Որդին ղրկեց` մեղքի մէջ խրած մարդուն ազատագրութեան համար (հմմտ. Յհ 3.16)»: Ան նաեւ մէջբերեց Քրիստոսի առաքեալներուն պատուէրը նորադարձ քրիստոնեաներուն` «մոռցէ՛ք հին մարդը` հին կեանքով, մտածումներով ու գործերով, ու եղէք նո՛ր մարդ»: Արդ, Բեթղեհէմը նոր մարդուն ծնունդն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի առաքեալները նորադարձ քրիստոնեաներուն յիշեցուցին` մոռցէ՛ք հին մարդը` հին կեանքով, մտածումներով ու գործերով, ու եղէք նո՛ր մարդ (հմմտ. Եփ 4:22):

Յորդորելով հաւատացեալները ամուր մնալու իրենց հաւատքին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ նոր մարդ դառնալու յանձնառութիւնը ունենալ` հետեւելով Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն: Մարդուն մէջ Աստուածաստեղծ մարդը` ճշմարիտ մարդը քանդող ներկայ ժամանակներուն, կենցաղակերպերուն ու գործելակերպերուն դիմաց, իբրեւ քրիստոնեաներ, մենք կոչուած ենք կառչած մնալու Բեթղեհէմի խորհուրդին ու պատգամին: «Ներկայ տարին հայրապետական հռչակագիրով յայտարարեցինք «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի»: Արդարեւ, մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով հարստացնել կը նշանակէ դառնալ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Որդւոյն` զԻնք դաւանելով Փրկիչը աշխարհին եւ մեր «կեանքը, ճշմարտութիւնն ու ճամբան» (Յհ 14.6)», ըսաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Վեհափառ հայրապետը հայրապետական պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքը լեցնեն երկնային բարիքներով ու աստուածային օրհնութեամբ` մեր կեանքէն հեռացնելով ամէն տեսակ չար ու չարիք եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդելով դէպի Քրիստոսով սկսած երկնային թագաւորութիւն»:

Սուրբ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

Յաջորդը

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.