Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կարծիքով` Անգարային պէտք է արտօնել Կազայի մէջ միջազգային բազմազգեան ուժին մասնակցելու, մասնաւորաբար շարք մը պետութիւններու մինչեւ հիմա Կազա ուժեր ուղարկելու տատամսելուն լոյսին տակ: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանը:
Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կարծիքով` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր սպասուող հանդիպումին ընթացքին Կազայի մէջ թրքական ներկայութեան հարցով դժուար կացութեան պիտի մատնուի:
Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ անհրաժեշտ կը նկատեն այս հարցը վերատեսութեան ենթարկել` նկատի ունենալով, որ այլ պետութիւններ չեն ուզեր իրենց զինուորները Կազա ուղարկել:
Վերջին օրերուն հաղորդուեցաւ, թէ Թուրքիա կը կարծէ, թէ Թրամփ պիտի կարենայ Նեթանիահուի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի Անգարայի միջազգային ուժերուն մասնակցութիւնն ու թրքական ուժեր Կազա ուղարկելը արտօնէ, բան մը, որ Նեթանիահուն «կարմիր գիծ» կը նկատէ:


