Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաժ. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծը Մեղաւորներուն Անմեղութեան Գիր Տուող Օրէնքի Հիմք Կը Ծառայէ»

December 27, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ռազի Հաժ յայտնեց. «Տնտեսական քայքայումէն (2019-2025) անցան վեց տարիներ, որոնց ընթացքին միայն լիբանանեան դրամատուներուն մէջ մարդոց պահ դրած գումարները պաշտպանելու խոստումներ լսեցինք, ինչպէս նաեւ ելեւմտական ու դրամատնային ոլորտներու վերակազմակերպման օրէնքներու եւ ելեւմտական բարեկարգումներու խոստումներ լսեցինք, մինչ տակաւին պահանջուածը գործնական ծրագիր մը եւ կիրարկելի յստակ գործողութիւն մըն է` թալանուած եւ մաքսանենգուած դրամին վերատիրանալու, ինչ որ ինքնին լիբանանեան դրամատուներուն մէջ մարդոց պահ դրած գումարներն են»:

Ան քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ անցնող վեց տարիներուն ընթացքին կարելի եղաւ ձախողութեան մատնել պահ դրուած գումարներուն վրայէն գիծ քաշելու շարք մը փորձեր, որոնց գլխաւորը 2024 թուականի ամավարկի քննարկման խորհրդարանական լիագումար նիստի ընթացքին Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի փորձն էր:

«Զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահական աթոռին հասնելէն եւ դատաւոր Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ անոր առաջին կառավարութեան կազմութենէն ետք բարիին յուսացինք եւ Լիբանանը եւ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ մարդոց պահ դրուած գումարները փապուղիէն դուրս բերելու, ելեւմտական տագնապն ու տնտեսական քայքայումը լուծման ճիշդ ու առողջ ճամբու վրայ դնելու համար անոր վրայ յոյս կապեցինք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այսուհանդերձ կառավարութիւնը ցնցում պատճառած է հրապարակելով ելեւմտական բացի օրինագիծը, որ տկար է, անիրաւ ու աճապարանօք մշակուած:

«Կը վերահաստատենք այսօր եւ ապագային մեր կտրուկ մերժումը կառավարութեան կողմէ հրապարակուած ելեւմտական բացի օրինագիծին, որովհետեւ չի վերադարձներ մարդոց պահ դրած գումարները, պատասխանատուութիւնները չի ճշդեր, փտածներու, յանցագործներու եւ պետական դրամներ թալանածներու հաշուետուութիւն չի պարունակեր:

«Անիկա միջին դասակարգը չի պաշտպաներ, ինչպէս նաեւ չի պաշտպաներ ճարտարապետական ու առեւտրական ոլորտները, հանգստեան կոչման ֆոնտը, համադաշնակցութիւններու եւ ընկերային ապահովութեան գումարները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ու տեւական աճի վերականգնման համար տնտեսութիւնը յառաջ չի մղեր:

«Ամէնէն կարեւորը` լիբանանցիներուն եւ ոչ լիբանանցիներուն Լիբանանի մէջ պետութեան ու դրամատնային մարզի նկատմամբ վստահութիւնը չի վերականգներ», յայտնեց Հաժ:

«Ելեւմտական բացի նախագիծը հիմք կը ծառայէ մեղաւորներուն անմեղութեան գիր տուող համաներման օրէնքի», նշեց երեսփոխանը:

 

 

Նախորդը

Ֆատլալլա. «Զգուշացէ՛ք Ժողովուրդի Զայրոյթէն, Որովհետեւ Եթէ Այդ Զայրոյթը Ճնշումին Պատճառով Պայթի, Ձեզի Ոչինչ Պիտի Ձգէ»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Որդեգրեց Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.