Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 22, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «արաբական կողմեր Հըզպալլային յղած են պատգամ մը` անոր կոչ ուղղելով, որ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին եւ երկրորդ փուլերուն միջեւ ահաբեկումները շարունակելու իսրայէլեան ուղղուածութեան մասին տեղեկութիւններու լոյսին տակ, անհրաժեշտ է ուշադիր եւ առաւելագոյն չափով զգուշաւոր ըլլալ»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իսրայէլի վրայ ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի իր յարձակումները դադրեցնէ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Իսրայէլ մտահոգ է Անգարայի մէջ գումարուած ժողովէն, որ սիւննիական խումբերու միջեւ էր, որոնց շարքին էին Հայըաթ Թահրիր Շամի, Համասի, Իսլամական Ժիհատի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ուշագրաւ էր Հըզպալլայէն ղեկավարներու մեծ պատուիրակութեան մը ներկայութիւն այդ ժողովին»:

. ՀԵՏԱԽՈՒԶԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հուսիներ Լիբանան կը գտնուին եւ Հըզպալլայի հետ համակարգուած կերպով կ՛աշխատին գումակային ու առեւտրական աշխատանքներու մէջ, եւ փորձ կը կատարեն իրենց ազդեցութիւնը ելեւմտական ցանցերու ճամբով ընդլայնելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նորութիւնը ֆրանսական ջանքն է ամերիկեան եւ իսրայէլեան կողմերը համոզելու, որպէսզի լիբանանեան բանակին առիթ տրուի գործադրելու Լիթանիէն հարաւ զինաթափման ծրագիրը` այն պայմանով, որ մշակուի շրջագիծ «ստուգման համակարգ»-ի մը, զոր բոլորը արդէն սկսան փորձարկել»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակէն աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ որեւէ տուն մուտք պիտի չգործէ առանց անոր սեփականատէրերու արտօնութեան կամ առանց արդարադատական որոշումի, եւ կը մերժէ թշնամիին մօտ իբրեւ «ոստիկանական խումբ» գործել: Այս ծիրէն դուրս բանակին խուզարկութիւն կատարել պարտադրելու հարցը անիրագործելի է»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Կառավարութիւնը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու իր յստակ որոշումը տուաւ, եւ անոր հիմք ծառայող տեսլականը քաղաքականութեան վերատիրանալն ու հաւասարակշռուած բարգաւաճման ամրագրման միջեւ յանձնառութիւնն է»:

. ԸՍՏ «Ասաս»-ի տեղեկութիւններուն, «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան կազմութենէն ի վեր իր հաշիւները հիմնած է այն մտածումին վրայ, թէ Նաուաֆ Սալամը իր առաջին ու հաստատ դաշնակիցն է, եւ Սալամը վարչապետարան հասցնողը ինք է»:

. ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Եգիպտոսի վարչապետ Մատպուլիի Լիբանան այցելութեան նպատակը տնտեսական է, սակայն իր մէջ կը պարունակէ ռազմավարական ու քաղաքական նպատակ մը, որ կը վերաբերի Լիբանանին աջակցութեան, եւ այն պատգամը, թէ Եգիպտոսը Լիբանանի գործընկերն ու ռազմավարական դաշնակիցն է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլ Իրանին, Հըզպալլային, Համասին կամ որեւէ այլ զինեալ խմբաւորման պիտի չարտօնէ իր հիւսիսային սահմաններուն մօտ հասնիլ»:

 

 

Նախորդը

«Էմ. Էլ. Էս.» Հարվի Սարաճեան Միացաւ Օրլանտօ Սիթիին

Յաջորդը

Հաժ Հասան. «Անձնատուութիւնը Մեր Բառարանին Մէջ Տեղ Չունի, Եւ Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունինք, Եթէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործուի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.