Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը անցեալ շաբաթներուն Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատկանող թիրախներու վրայ լայնածաւալ յարձակումի ծրագիր մը պատրաստեց»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանն ալ հաղորդեց, թէ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլայի վրայ յարձակումներուն մէջ մագլցման ծրագիրը ներկայացուցած է քաղաքական իշխանութեան:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, իսրայէլեան բանակը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ «յատուկ քննարկում»-ի ընթացքին անոր ներկայացուցած է Հըզպալլայի վրայ յարձակումներուն մէջ մագլցման դիմելու իր «գործողութիւններու ծրագիր»-ը:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը 30 նոյեմբերին հաղորդած էր. «Իսրայէլի համբերութիւնը կը սպառի, եւ ան Լիբանանին յղեց պատգամ մը, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Եթէ Հըզպալլայի դէմ չշարժիք, մեր յարձակումներուն ծիրը պիտի ընդլայնենք»:


