«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց իր յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, ուր նախկին «Էմ. Վի. Փի.» Նիքոլա Եոքիչ 36 կէտ նշանակեց 12 ռիպաունտի կողքին, 136-105 արդիւնքով յաղթանակին` Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ:
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ պարտութիւններու երկար շարքէ մը ետք (7 մրցում) կրցաւ 143-120 արդիւնքով յաղթել Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Թրէյ Մըրֆի 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փելիքընզի:
Միլուոքի Պաքս առանց Եաննիս Անթեթոքումփոյի շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Պոսթըն Սելթիքսի դէմ` 116-101 արդիւնքով: Քայլ Քուզմա եւ Պոպի Փորթիս կրցան յաղթանակ բերել Միլուոքիին: Քեւին Փորթըր 18 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Փորթիս (27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Քուզմա (31 կէտ) եղան մրցումին աստղերէն:
Ճէյլըն Պրաուն 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, որ անցեալ տարուան մակարդակը չի կրնար պահել Ճէյսըն Թէյթըմի բացակայութեան:


