Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէն քանի մը օր առաջ պատուեց երեք մարզիկներ, որոնք Լիբանանի անունը բարձր պահած էին` մասնակցելով Ասիական խաղերու երիտասարդներու ախոյեանութեան եւ Իսլամական երկիրներու համերաշխութեան խաղերուն:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնին մէջ` Հազմիէ, ներկայութեամբ երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տնօրէն Ֆատիա Հալլալի, Ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Պութրոս Ժալխի, ինչպէս նաեւ այլ պաշտօնական հիւրերու:
Խօսք առին լրագրող Հասսան Մուհիետտին եւ Ժալխ` յայտնելով, որ «ուրախալի պահեր կ՛ըլլան, երբ մարզական պատուիրակութիւններ կը մասնակցին միջազգային մրցաշարքերու եւ կը վերադառնան մետալներով` Լիբանանի անունը եւ դրօշը բարձր պահելով:
Նշենք, որ Հալա Մաքտաշի եւ Ծովակ Քէօշկերեան արծաթ եւ պրոնզ մետալներով վերադարձան Իսլամական համերաշխութեան մրցաշարքի Մուայ Թայի մրցումներէն, իսկ Լին Հաժ երեք պրոնզ մետալներով` Ասիոյ խաղերու երիտասարդներու մրցաշարքէն:
Երեք մարզիկներ ալ պատուուեցան` իբրեւ յուշանուէր ստանալով ողիմպիականի վահաններ:


