Թրամփ կը նախատեսէ Ս. Ծնունդէն առաջ յայտարարել, որ Կազայի խաղաղութեան հոլովոյթը կը մտնէ իր երկրորդ փուլ, ինչպէս նաեւ ներկայացնել շրջանի կառավարման նոր կառուցուածքը: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս»-ը` յղում կատարելով ամերիկացի երկու պաշտօնատարներու եւ հոլովոյթին անմիջականօրէն մասնակից արեւմտեան աղբիւրի մը:
Համաձայնագիրի երկրորդ փուլը կը նախատեսէ իսրայէլեան զօրքերու հիմնական մասի դուրսբերումը Կազայէն, միջազգային կայունացման ուժերու ներդրում եւ նոր կառավարման կառուցուածքի մեկնարկ:
Այս բոլորը պիտի գլխաւորէ Թրամփի ղեկավարութեամբ «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ը, որ պիտի ներառէ արաբական եւ արեւմտեան երկիրներու շուրջ 10 ղեկավարներ:
Միեւնոյն ժամանակ, Համասի հետ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերման դիմաց իշխանութեան զիջման շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Ինտոնեզիան, Ազրպէյճանը, Եգիպտոսը եւ Թուրքիան պատրաստ են «Միջազգային կայունացման ուժեր»-ուն զօրքեր տրամադրելու:
Նշենք, որ աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնեցին. «Կազայի մէջ միջազգային ուժի կազմութիւնը շուտով պիտի յայտարարուի»:


