Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոտաբոյսի Մը Պատմութիւնը

December 4, 2025
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Աւելուկը Հայաստանի մէջ շատ տարածուած խոտաբոյս է: Ան կ՛աճի մարգագետիններու, թփուտներու, խոնաւ վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` անտառեզրերուն, լեռնալանջերուն եւ գետափներուն: Տարբեր բարբառներու մէջ ան կը կոչուի վիլուկ, աւլուկ, մզուկ, սիլխ եւ այլն… ըստ աճած վայրին, աւելուկը կրնայ ըլլալ թեթեւակի դառն (դաշտավայր), քաղցր կամ թթուաշ (բարձրադիրք գօտիներ):

Հայկական աւանդական խոհանոցին մէջ աւելուկը կեդրոնական դեր կը խաղայ ապուրներու եւ աղցաններու պատրաստութեան մէջ:

Աւելուկի բերքահաւաքը սովորաբար կը սկսի գարնան: Դարաւոր աւանդութեան համապատասխան տերեւները կը հիւսուին երկար, նրբագեղ հիւսքերով, որոնք երբեմն կը հասնին զանոնք պատրաստող կնոջ հասակի քառապատիկ երկայնքին… հիւսքերը կ՛օգտագործուին թարմ վիճակով, կամ ալ կը չորցուին արեւի ճառագայթներէն հեռու` զով եւ շուք վայրերու մէջ:

Աւելուկը` Ժողովրդային Բժշկութեան Մէջ

Հանքայիններով, կենսանիւթերով, թթուներով եւ ներկանիւթով հարուստ աւելուկը: Ժողովրդական բժշկութեան մէջ ամէնէն տարածուած դեղաբոյսերէն է. բուժիչ նպատակներով կ՛օգտագործուին անոր արմատը, տերեւներն ու սերմերը: Փորի ցաւի, միզակապութիւն, թոքախտ, հազ, մորթային բորբոքումներ, ստամոքսի խնդիրներ… հինէն ի վեր եւ մինչեւ օրս մասամբ կը դարմանուին այս դեղաբոյսով:

Աւելուկը` Հայ Բանահիւսութեան Մէջ

– Գարնան եւ նորացման խորհրդանիշ

Աւելուկը ձմեռէն ետք աճող առաջին վայրի խոտաբոյսերէն է եւ գարնան աւանդական նախանշան: Հայկական գիւղերուն մէջ կիներու կողմէ աւելուկ հիւսելը համայնքային ծէս կը համարուէր, որ կը նշանակէր երկրի վերականգնում եւ գիւղատնտեսական նոր շրջանի սկիզբ:

Աւելուկ: Հիւսելու ընթացքին երգելը սովորութիւն էր, եւ տարեց կիները յաճախ երիտասարդ աղջիկներուն երգեր կը սորվեցնէին ու հեքիաթներ կը պատմէին:

– Տարեցներուն կողմէ օրհնուած

Աւելուկ հիւսելը նաեւ հոգեւոր իմաստ ունէր: Ժողովրդական աւանդութիւններ կը պատմեն կիներու մասին, որոնք աւելուկ կը հիւսէին` առողջութեան, բերիիութեան եւ տան պաշտպանութեան համար աղօթքներ շշնջալով:

– Աւելուկը` որպէս հարսնացուի նուէր

Որոշ աւանդութիւններու համաձայն, մայրերը իրենց դուստրերուն հիւսուած աւելուկ կու տային, երբ անոնք կ՛ամուսնանային կա՛մ պապենական տունը յիշեցնելու, կա՛մ ալ դժուարութիւններու ժամանակ զանոնք պահպանելու համար:

Այսպիսով, չոր աւելուկը դարձած է ոչ միայն սնունդ , այլեւ` տերեւներու մէջ պահպանուած յիշողութիւն:

Աւելուկը` Հայկական Դիցաբանութեան Մէջ

Նախաքրիստոնէական հայկական դիցաբանութեան մէջ կը հաւատային, որ Անահիտ աստուածուհին կ՛օրհնէր լեռները` կենսատու խոտաբոյսերով: Աւելուկի նման խոտաբոյսերը կը համարուէին Անահիտէն նուէրներ, յատկապէս` դժուարմատչելի  վայրերու մէջ աճողները:

Այս խոտաբոյսերը հաւաքող կիները երբեմն կ՛աղօթէին կամ ջուր կը ցօղէին հողին` աստուածուհին պատուելու համար:

Որոշ բանաւոր աւանդութիւններ աւելուկը կը կապէին սիրոյ եւ բնութեան աստուածուհի Աստղիկին հետ, որ ձիւնահալէն ետք լեռները կը ծաղկեցնէր բուժիչ կանաչեղէններով, իսկ աւելուկը ամէնէն սիրուածներէն մէկն էր:

Մանկական Խնամք

Երգը Խօսքէն Աւելի Ազդու Է

Երբ ձեր երեխան անմխիթար կու լայ, ամէն միջոցի կը դիմէք զայն հանդարտեցնելու համար: Փորձեր ցոյց տուած են, որ լացող երեխան աւելի շուտ կը հանդարտի, եթէ խօսելու փոխարէն` երգէք անոր: Արդարեւ, փաստուած է, որ երգը խօսքէն աւելի ազդու է երեխաներուն համար:

Մոնրէալի համալսարանի հետազօտողներ փորձ մը` կատարած են 30 երեխայի վրայ` անոնց լացի պահուն փոխն ի փոխ երգ եւ մեղմ մեղմ խօսքեր լսել տալով: Օրերու վրայ կատարուած փորձի աւարտին մասնագէտները հաստատած են, թէ երգը իսկապէս կ՛օգնէ, որ երեխաները աւելի արագ եւ աւելի երկար ժամանակով հանդարտին, մինչդեռ մեղմ խօսքերը նոյն ազդեցութիւնը չունին:

Մանտարինի Կեղեւները
Չթափելու
Համոզիչ Պատճառներ

1.- Որպէս բնական հոտազերծիչ

Մոռցէ՛ք քիմիական հոտազերծիչ ցօղացիրները: Մանտարինի չորցուած կեղեւները օդը թարմացնող հիանալի բնական միջոցներ են: Զանոնք տեղադրեցէք կտորէ փոքր ծրարներու մէջ եւ օգտագործեցէք ձեր ինքնաշարժին հայելիէն կախելով, կամ զգեստապահարանին մէջ, բայց նաեւ մարզական կօշիկներուն մէջ` զանոնք հոտազերծելու եւ թարմացնելու համար

2.- Խոհարարական ստեղծագործութիւններու համար

Մանտարինի կեղեւները յատուկ համ եւ բոյր կը հաղորդեն` ձեր թխուածքներուն, կարկանդակներուն, աղանդերներուն, թացաններուն եւ տաք խմիչքներուն:

Կեղեւները քերոցէ անցուցէք կամ դանակով մանր կտրատեցէք, քանի մը օր պահեցէք սենեակի ջերմաստիճանով` չորցնելու համար այնուհետեւ տեղափոխեցէք կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշի մէջ:

3.- Որպէս տնական բուրմունք

Ստեղծեցէք ձեր սեփական տնական բոյրը` կեղեւը եփելով այլ բնական բաղադրիչներու հետ` կասիայի փայտիկներ, խնձորի կեղեւ, աստղային անիսոն, վարդի թերթիկներ, մեխակի գամեր եւ այլն…

Այս խառնուրդը նրբօրէն բուրաւէտ կը դարձնէ ձեր տունը` ստեղծելով ջերմ եւ հիւրընկալ մթնոլորտ:

4.- Որպէս փուռի հոտազերծիչ

Յատկապէս բուրաւէտ ուտեստ, օրինակ` ձուկը եփելէ ետք, քանի մը մանտարինի կեղեւ դրէք փուռին մէջ, որ անջատուած, բայց տաք պէտք է ըլլայ: Կեղեւները հաճելի բոյր կը տարածեն եւ կը չէզոքացնեն տհաճ հոտերը:

5.- Որպէս դէմքի խնամք

Չորցուած եւ փոշիի վերածուած մանտարինի կեղեւները խառնեցէք շաքարի եւ ձիթապտուղի ձէթի հետ եւ օգտագործեցէք որպէս «սքրապ»` մորթին մեռած բջիջները մաքրելու համար:

Մանտարինի կեղեւի փոշին խառնեցէք մածունի հետ եւ օգտագործեցէք որպէս դէմքի ծեփուկ:

Սէ. կենսանիւթով եւ հակաօքսիտաններով հարուստ մանտարինի կեղեւը կը սնուցանէ եւ կը վերականգնէ ձեր մորթը:

6.- Որպէս բոյսերու բնական պաշտպան

Դուք կը սիրէք ձեր տան բոյսերը, բայց արդեօ՞ք ձեր կատուն ալ կը սիրէ…

Պաշտպանեցէք ձեր բոյսերը` թաղարներուն շուրջ եւ հողի մակերեսին մանտարինի թարմ կեղեւներ զետեղելով: Կեղեւներուն բոյրը որպէս բնական վանող միջոց` ձեր կատուն հեռու կը պահէ բոյսերէն:

7.- Որպէս տօնական յարդարանք

Մանտարինի կեղեւները Կաղանդի յարդարանքի վերածեցէք` պարզապէս կրկնեփի կաղապարներու միջոցով զանոնք ձեւաւորելով:

Տօնական Օրերու Նախօրեակին

Այլընտրանքային Տօնածառի Գաղափարներ

Այս տարի աւանդական տօնածառին նոր շո՞ւնչ կը փնտռէք. այլընտրանքային տօնածառերը ստեղծագործական եւ ոճային միջոց են տօնակատարութիւնները նշելու եւ ձեր տօնական ձեւաւորման իւրօրինակ շունչ հաղորդելու համար:

Անկախ անկէ, որ տարածքի պակաս ունիք, կը սիրէք նուազապաշտական մթնոլորտը, թէ կը ցանկաք ոչ աւանդական որեւէ բան, այս գաղափարները պիտի ոգեշնչեն ձեզ:

Ամանորը լեռներուն ետեւ չէ, ժամանակն է, որ մտածէք ձեր տօնածառին մասին…

Ստորեւ` հետաքրքրական գաղափարներ.

Ա.- Գրքամոլի տօնածառ,
Բ.- Նուէրի տուփերով պատրաստուած տօնածառ,
Գ.- Տօնածառ` պատի վրայ,
Դ.- Ձողերով տօնածառ,
Ե.- Ճօճուող տօնածառ:

Խոհագիր

 Պրոքոլիով
Եւ Շողգամով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 1,5 լիթր ջուր
– 1 խորանարդ հաւի խտացած մսաջուր
– 1 միջակ պրոքոլի
– 3 շողգամ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ եռացնել ջուրը` խտացած մսաջուրով, աղով եւ սեւ պղպեղով:

Աւելցնել կտրատուած պրոքոլին եւ խորանարդաձեւ կտրատուած շողգամները:

25 վայրկեան եփել, հարիչէ անցընել եւ մատուցել:

***

Պրոքոլի ուտելու համոզիչ պատճառներ

– Փոթասիոմով եւ Պէ. կենսանիւթով հարուստ պրոքոլին կը կանխարգիլէ մկանային ջղաձգութիւնները:
– Անոր յաճախակի օգտագործումը կրնայ պաշտպանել քաղցկեղի որոշ տեսակներէն` կրծքագեղձի, շագանակագեղձի հաստ աղիքի, երիկամունքի, միզապարկի:
– Կը խթանէ առողջ մարսողութիւնը եւ կը նուազեցնեէ փորկապութիւնը:
– Կրնայ դանդաղեցնել մտաւոր անկումը եւ նպաստել ուղեղի առողջ գործունէութեան:
– Սէ. կենսանիւթի պարունակութիւնը կը նպաստէ առողջ դիմադրողական համակարգին:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Չկարողացան

Ինչ արին-չարին ինձ ներսից քանդել  չկարողացան,
Հոգիս խոցեցին, ալեկոծեցին,
Բայց միտքս բանտել չկարողացան:
Թշնամու դէմքով սառն ու արնախում,
Յուշերս մէկ-մէկ արին ցիրուցան,
Ճամփիս նետեցին պայթուցիկ բախում,
Բայց կեա՜նքս խլել չկարողացա՛ն:
Տեսան ինչպէս եմ ցաւեր դաբաղում,
Անձրեւից յետոյ գրկում ծիածան:
Զարմացան, որ դեռ սիրտ է բաբախում,
Բայց սիրտս մտնել չկարողացան
Եւ ինձ մոռանա՜լ չկարողացա՛ն,
Անձայն հեռանալ չկարողացա՛ն,
Յետոյ էլ կասեն սէրը փրկիչ է.
Մի սիրելն ի՞նչ էր`
Չ կ ա ր ո ղ ա ց ա ՛ ն…

ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (3 Դեկտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

«Loving Father, Bitter Son». Աքսորի, Լռութեան Եւ Հաշտութեան Հետքերով
Կնոջական

Նոր Տարուան Սեղանի Խորհրդանիշները

December 18, 2025
Վիշապին Խորհուրդը Հայկական Գորգարուեստին Մէջ
Կնոջական

Վիշապին Խորհուրդը Հայկական Գորգարուեստին Մէջ

November 27, 2025
Հայկական Լաւաշը` Աշխարհի 50 Լաւագոյն Հացերու Ցանկին
Կնոջական

Հայկական Լաւաշը` Աշխարհի 50 Լաւագոյն Հացերու Ցանկին

November 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.