ԱՅՍՕՐ` ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2025-ԻՆ, ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 8:00-ԻՆ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն
ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Սամուէլ Ալպարեան եւ զաւակները` Սարգիս եւ Արմիկ
Տէր եւ տիկին Հրակ Ալպարեան
Տիար Վահէ Մանուկեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Մանուկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ Գազազեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Արի
Տէր եւ տիկին Աբգար Մանուկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Լիպարիտ Մանուկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեւակ Ալպարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պերճ Ալպարեան եւ զաւակունք
Տիար Արա Ալպարեան
Ալպարեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
Գազազեան եւ Տիապ ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Պարոնեան ընտանիքներ
Համալեան եւ Ֆուռնուզլեան ընտանիքներ
Աւագեան եւ Ապաճեան ընտանիքներ
Քէհէեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, զոքանչին, քրոջ, հօրաքրոջ մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԱԼ ԱԼՊԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, 1962-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 28 նոյեմբեր 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 30 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————–
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ – ՅՈՒՇԱՔԱՐԻ ՔՈՂԱԶԵՐԾՈՒՄ
Նուիրուած` ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի շրջանի նահատակներուն
Բանախօս` ԸՆԿՀ. ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Գեղարուեստական յայտագիր
(Մասնակցութեամբ` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին):
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 19 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ակումբի սրահին մէջ, Զալքա:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հաշուապահի մը, աշխատանքի լիաժամ կամ կիսաժամ դրութիւն` ըստ յարմարութեան: Հեռաձայնել 03-164767 թիւին:
————————————–
ՄՕՏ ՕՐԷՆ
YEREVAN STORE
ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐ` ԹԱՄԱՐ ԵՒ ՐԱՖՖԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ
ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿԱՆԻ
Յարգոյ յաճախորդներուն կը յայտնենք, որ աւարտած ըլլալով վաճառատան նորոգութիւնները եւ անոր վերաբացման առիթով, յաճախորդները այդտեղ պիտի կարենան այցելել ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը:
YEREVAN STORE.- Պուրճ Համուտ,
Արաքս փողոց, թիւ 63 թաղ, հեռաձայն`
01-254747 եւ 81-002115



