Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչքարերու Մոխիրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Սեղանին Վրայ

November 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հասած ենք  պատմութեան այն պահը, երբ արդարութիւնը ոչ թէ ժողովուրդները կը գրեն, այլ` շահերը: Միջազգային վարքագծի կեղծ  ժպիտներով կը ծածկուին մշակոյթի դէմ կատարուող ոճիրները:

Այո՛, կ՛ապրինք  ժամանակաշրջան մը, երբ դարերու ժառանգութիւնը նետուած է քաղաքական առեւտուրի սեղաններուն վրայ, ու կը խորհին, թէ աշխարհը չի տեսներ, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը չի լսեր: Բայց աշխարհը  կը տեսնէ, աշխարհը  կը  լսէ: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը գրուած է Ջուղայի քանդուած խաչքարերով, Արցախի փոշիացող վանքերով: Այստեղ այլեւս պահելու  կամ արդարացնելու ոչինչ կայ:

Եւ ահա, վերջերս միջազգային խաբկանքը հասաւ իր գագաթնակէտին: Ազրպէյճանը` այն պետութիւնը, որ պետական քաղաքականութեամբ մաքրեց, ջնջեց, փոշիացուց հայկական հազարամեայ մշակութային ժառանգութիւններ, ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Մշակութային արժէքներու վերականգնման խորհուրդ»-ի անդամ: Ընտրուեցաւ` իբրեւ հոգատար, իբրեւ պաշտպան, իբրեւ վերականգնող:

Արդեօ՞ք մարդկութիւնը  կորսնցուցած է ճաշակի ու գիտակցութեան  հասկացողութիւնը:

Արդեօ՞ք  բարոյականութիւնը դարձած է գործածուող արժոյթ:

Արդեօ՞ք  ընդունելի է, երբ աշխարհի աչքին առջեւ կատարուող մշակութային ցեղասպանութիւնը կը  գնահատեն իբրեւ «վերականգնումի փորձառութիւն»:

Երբ  համակարգուած  քաղաքականութեամբ, շուրջ վեց հազար խաչքար կը ջնջուի Ազրպէյճանի նման հազիւ 107-ամեայ պետութեան մը ձեռքով, այդ պետութիւնը պէտք է նստի ոչ թէ «վերականգնման» խորհուրդին մէջ, այլ` մեղադրեալի աթոռին վրայ:

Եւ դառն ճշմարտութիւնը, այո՛, դառն ու ծանր ճշմարտութիւնը այն է, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ոչ թէ գաղտնի, ոչ թէ գիշերը, այլ` ցերեկը, ուղիղ տեսախցիկներու, դիտարկող արբանեակներու, միջազգային դիտորդներու առջեւ: Ոչ ոք կը խօսի: Միջազգային ընտանիքը` լուռ: Միջազգային կազմակերպութիւնները` լուռ: Մարդկութեան խիղճը` լուռ: Հայաստանը` լուռ…

Ժողովուրդ  մը չի կրնար լուռ մնալ, երբ անոր մշակոյթը կը ջնջուի ուրիշներու ձեռքով, իր` սեփական ձեռքերուն անգործութեամբ:

Ո՞ւր է Հայաստանի բողոքը: Ո՞ւր են` մեր բոցը, մեր պահանջատիրութիւնը, մեր միջազգային լեզուն: Ո՞ւր են` հրատապ հանդիպումները, յստակ յայտարարութիւնները, պահանջները, մամլոյ արշաւները: Ո՞ւր է հայ  պատմաբաններու եւ մտաւորականութեան ձայնը: Ո՞ւր են` մեր դեսպանները, նախարարները, մեր դիւանագիտական կառոյցները: Վերջապէս, Հայաստանը ե՞րբ պիտի ըսէ` «Կը բաւէ՛»:

Զարմանալի է: Այն պահուն, երբ մեր խաչքարերը կ՛ոչնչանան, մեր մշակոյթը կը փոշիանայ, մեր պետութիւնը կը խօսի ելեկտրականութեան, խաղաղութեան, բարեկամութեան  եւ գործընկերութեան մասին, բայց` ո՛չ իրականութեան…

Դիւանագիտութիւն չէ այս:  «Գործընկեր»-ի  վերաբերմունք չէ, այս:  Գոյութենական հարց է կատարուողը: Ժողովուրդ մը, երբ դադրի պաշտպանել է` իր մշակոյթը, պատմական  կոթողները, վանքերը, խաչքարերը, եկեղեցիները, կը դադրի պաշտպանելէ իր էութիւնը: Մշակոյթը ժողովուրդի մը շունչն է: Սա պարզ ճշմարտութիւն է, որուն առջեւ  լռութիւնը դատապարտելի  եւ  աններելի յանցագործութիւն է:

Ո՞ւր է  մեր ձայնը: Պէտք է  բարձրաձայնել` ոչ թէ լուռ, այլ` այնքան բարձր, որ միջազգային քարեղէն պատերն անգամ չկարենան զայն խլացնել:

Բոցավառ  խօսքեր, այո՛,  բայց  անոնք  ոչինչ   են այն կրակին դիմաց, որ այրեց Ջուղայի խաչքարերը, Արցախի հոգեւոր եւ պատմամշակութային կեդրոնները: Աւելի  վտանգաւորը ոչ թէ քանդումն է, այլ` անոր հանդէպ լռութիւնը: Աշխարհի աչքին առջեւ կը քանդեն, եւ մենք կը լռենք: Աշխարհը կը կարծէ, թէ համաձայն ենք:

Ժամանակն է կանգնելու ու ըսելու`

Աշխարհը չի կրնար ունենալ իր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն` առանց արդարութեան:
Աշխարհը չի կրնար արժէքներու մասին խօսիլ` առանց ճշմարտութեան:
Հայաստանը չի կրնար գոյութիւն ունենալ` առանց մշակոյթի պաշտպանութեան:
Եթէ Հայաստան չի պահանջեր արդարութիւն, ո՞վ պիտի պահանջէ:
Եթէ Հայաստան չի բարձրաձայներ ժառանգութեան սպանդը, ո՞վ պիտի լսէ:
Եթէ Հայաստան լուռ մնայ, ո՞վ պիտի խօսի անարդարութեան դէմ:

Մշակութային ցեղասպանութիւնը «սովորական քաղաքականութիւն» չէ: Անախորժ տեղեկութիւն չէ: Ան մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիր է: Ոճիր, որուն դիմաց Հայաստան պէտք է ունենայ ոչ թէ հեզ, այլ` կրակոտ ձայն, ոչ թէ բացատրող, այլ` պահանջող լեզու, ոչ թէ դիւանագիտական բարեկարգութիւն, այլ` հրապարակային բողոք, բոցավառ խօսք, բացէ  ի բաց ճշմարտութիւն:

 

 

Նախորդը

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 82-րդ Առցանց Լսարան. «Խաղաղութիւնը Չի Կրնար Հաստատուիլ, Մինչեւ Որ Փաստաթուղթերու Մէջ Նկատուող Բացթողումները Չլուծուին», Հրայր Պալեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.