Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը: Այս մասին կը յայտնէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի մէջ վերջին դրական զարգացումները` քննարկուած են երկկողմանի եւ շրջանային համագործակցութեան կարելիութիւնները: Խորհուրդը նաեւ վերահաստատած է Թուրքիոյ կամքը` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ զարգացում ապահովելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Խորհուրդի նիստին մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:


