Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տիւազ» Կամ Յաղթական Կիներ

November 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ Ս.

Այս օրերուն հետաքրքրական ցուցահանդէս մը տեղի կ՛ունենայ Կեդրոնական Պէյրութի «Սըրսոք» թանգարանէն ներս: Անիկա կը կոչուի «Տիւազ» («Divas») եւ կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1980-ականներուն յայտնի դերասանուհիներու եւ երգչուհիներու կեանքը: Արական գերակայութենէ ու ճնշումէ ազատագրուած եւ ֆեմինիստ շարժումներու կողմնակից` խիզախ գործունէութեամբ կիներ են, որոնք շրջած են ժամանակի սլաքը եւ ճամբայ հարթած` դէպի այսօրուան աւելի ազատ ու անկախ մտածողութիւնը: Այս կիները իսկապէս արժանի են «Տիւա» կոչուելու: Անոնցմէ են` եգիպտացի Սուլթանաթ ալ-թարապ (Երգի սուլթանուհի)` Մունիրա Ալ Մահտիյեա, Արեւելքի աստղ` Ում Քալսում, լիբանանցի անկրկնելի երեւոյթ-երգչուհի` Ֆէյրուզ, Ալճերիոյ Վարդը` Ուարտա Ալ-Ժազաիրիյեա, սուրիացի-լիբանանցի զգլխիչ գեղեցկութեամբ դերասանուհի-երգչուհի` Ասմահան, իտալացի ծնողներէ Եգիպտոսի մէջ ծնած` Տալիտա, լիբանանցի աստղ-պարուհի` Սամիա Կամալ, հրաշք երգչուհի` Սապահ եւ 10 ուրիշներ:

Տաղանդը իրենց մէջ կրելով` այս կիները կրցած են իրենց ժամանակի կարծրատիպերը կոտրել ոչ միայն թատրոններու, սինեմաներու եւ մեծ բեմերու վրայ, այլեւ  ընդունուած կարգերը փոխելով` հասած են մինչեւ եւրոպական մեծ ոստաններ եւ յատկապէս Փարիզ: Դրական յեղաշրջումներ` արուեստի հասկացողութեան մէջ:

Ցուցահանդէսին առաջին իսկ մուտքէն զգալի են լրջութիւնն ու   կազմակերպուածութիւնը: Կիսամութ սրահներուն մթնոլորտը ինքնըստինքեան լռութիւն եւ զուսպ կեցուածք կը «պարտադրեն»` ձեւով մը «արգիլելով» բարձրախօսութիւնն ու ընդհանրապէս խօսակցութիւնը: Խորհրդաւորութիւն մը կայ այստեղ…

Իւրաքանչիւր անկիւն իր ըսելիքը ունի, եւ ակնդիրը ուշադիր է այդ ուղղութեամբ: Պատերուն վրայ նորարար ոճով «Տիւա»-ներուն կեանքի դրուագները ուրուանկարող արձանագրութիւնները ուրոյն հմայք մը տուած են ցուցահանդէսին: Արաբերէնի կողքին, անգլերէն թարգմանութիւնները դիւրամատչելի են, նկարները, զարդերն ու գեղօրը` ակնահաճոյ: Ձայնային սարքերը առիթ կու տան ունկնդրելու` հարցազրոյցներ, մտածումներ կամ երգեր, իսկ տարբեր միջանցքներ յատկացուած են պաստառներու վրայէն ուղղակի ըմբոշխնելու ժապաւէններէ առնուած կարճ հատուածներ կամ մեծ բեմերու վրայ համերգային կատարումներէ կրճատուած բաժիններ: Արուեստագիտուհիներուն բեմական հանդերձանքն ու անձնական իրեղէնները հիանալի կերպով ներկայացուած են եւ յստակ պատկերացում կը փոխանցեն այդ ժամանակուան ճաշակին վերաբերեալ: Տեղ-տեղ հանգստաւէտ նստարանները առիթ կու տան երկար պահեր խոկալու, կարդալու, ունկնդրելու եւ հաղորդակցելու իւրաքանչիւր կնոջ կեանքի վերիվայրումներուն հետ, իմանալ  անոր դժուարին ուղին եւ անպայման հպարտանալ արձանագրած յաջողութիւններով: Դեգերում մը` բարձրորակ արուեստի ոլորաններուն մէջ, եւ հոգեկան իսկական վայելք մը:

«Սըրսոք» թանգարանի արհեստավարժ վերականգնումէն ետք եւ վիրաւոր Լիբանանի տակաւ զարթնող միջավայրին մէջ այսպիսի կատարեալ ցուցահանդէս մը թէ՛ իր որակով, թէ՛ նիւթով եւ թէ՛ նորարարութեամբ յոյժ գնահատելի է եւ յուսադրիչ` անկասկած:

Առիթը մի՛ փախցնէք այցելելու այս տպաւորիչ ցուցահանդէսը (որ բաց է մինչեւ 11 յունուար 2026) եւ վստահաբար պիտի չզղջաք:

 

 

Նախորդը

«Սփիւռքեան Հեռանկարներ» Վերլուծական Հարթակի Մեկնարկ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կը Մերժեն Փողոցը Անուանակոչել Հայ Բժիշկին Անունով

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.