Ազրպէյճանի, Իրանի Եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած Է փոխըմբռնման յուշագիր: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Յուշագիրի ստորագրումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ երկարաժամկէտ եռակողմ համագործակցութեան զարգացման եւ Հիւսիս-հարաւ երթուղիի արեւմտեան հատուածի արդիւնաւէտութեան բարձրացման գործին մէջ:
Փաստաթուղթը կը նախատեսէ սակագնային մօտեցումներու ներդաշնակեցում, միասնական համապարփակ սակագինի ձեւաւորում, կանոնաւոր պլոքային գնացքներու գործարկում եւ փոխադրամիջոցային ընթացակարգերու կատարելագործում:
Այս մեքանիզմներու ներդրումը պիտի ստեղծէ աւելի կանխատեսելի, արագ եւ ծախսարդիւնաւէտ գումակային շղթայ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ: Ընդհանուր առմամբ, այս համաձայնագիրը կ՛ամրապնդէ կողմերու դիրքերը իբրեւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքներու յուսալի մասնակիցներ եւ կը ստեղծէ բարենպաստ պայմաններ շրջանին մէջ տարանցիկ հոսքերու կայուն աճի համար:


