Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սիվիլնեթ»-ը:
Հայաստան արձանագրած է լաւագոյն արդիւնքը` ստանալով կարելի 161 քուէներէն 105-ը:
Ազրպէյճան եւս ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ` ստանալով կարելի 161 քուէներէն 92-ը:
«Սիվիլնեթ» կը նշէ, որ աղբիւրներէն կարելի չէ եղած յստակացնել, թէ արդեօք Հայաստանն ու Ազրպէյճանը իրարու կո՞ղմ քուէարկած են, թէ՞ իրարու դէմ:


