Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Լրացուցիչ Յայտարարութիւններ Եւ Միջազգային Ընտրովի Սկզբունքներ

November 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի իրականացուցած գործողութիւնները Հըզպալլայի կեդրոններու եւ պատասխանատուներու դէմ ընդհանուր արշաւի մէկ դրուագն են: Այդ շարքին կը ներառուին նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններն ու ճշդուած անհատական թիրախներ: Հրադադարը Իսրայէլի կողմէ միակողմանի կը խախտի:

Դատապարտանքի դիրքորոշումներ չկան ընդհանրապէս: Յատկանշական է Փարիզի յայտարարութիւնը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը  յայտնած է, որ Փարիզ մտահոգ է հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու աշխուժացումով: Դատապարտելէ ետք իսրայէլեան յարձակումները, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքայիններ կը սպաննեն, ան յայտնած է, որ իր պետութեան դիրքորոշումը այն է, որ պէտք է յարգել 27 նոյեմբեր 2024-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութիւնը: Հետաքրքրական է ածանցեալ բաժինը: Ըստ ֆրանսացի դիւանագէտին,  Ֆրանսան մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Կոլանի բարձունքին վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակի հեռացման եւ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան յարգման կոչ կ՛ուղղէ:

Այստեղ ուշագրաւը այն է, որ դատապարտանքը հասցէական է. ապա, իսրայէլեան կողմը կը մեղադրուի համաձայնուած հրադադարը խախտելու յանցանքով: Եւ երրորդը` այն, որ ակնարկ կ՛ըլլայ Կոլանին, իսրայէլեան ուժերու հեռացումի պահանջով եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան յարգումի հրամայականին շեշտումով:

Արտաքին գործոց նախարարութեան այս դատապարտումէն ետք Ֆրանսայի նախագահը գնահատական տուած էր Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին փոխանցած ուղերձին, Լիբանանի անկախութեան 82-րդ տարեդարձին առիթով: Այս անգամ սակայն ուղղութիւնը այլ էր: «Կը կարծեմ, թէ նախագահ Աուն չափազանց կարեւոր ուղերձ մը յղեց, եւ կ՛ուզեմ ըսել, թէ ան նաեւ մեր տեսակէտը արտայայտեց, այսինքն` Հըզպալլայի հետ խիստ ու ազդու կերպով գործելու եւ գործադրելու մեր ծրագիրը, որ յստակօրէն կը ձգտի հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան գերիշխանութեան վերականգնման»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու նախագահը առ երեւոյթ իրար կը հակասեն, սակայն ըստ էութեան զիրար կ՛ամբողջացնեն: Այս կերպ, պաշտօնական Փարիզը թէ՛ քննադատած կ՛ըլլայ իսրայէլեան յարձակումներն ու հրադադարի խախտումները, թէ՛ ալ պահանջած կ՛ըլլայ, որ լիբանանեան կառավարութիւնը խիստ եւ ազդու ձեւով կիրարկէ նաեւ իրենց կողմէ մշակուած ծրագիրը, որ կ՛առաջադրէ Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումը:

Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումը սակայն նաեւ տարածքներու ազատագրումով կ՛ըլլայ, այս պարագային իսրայէլեան ուժերու հեռացումով լիբանանապատկան տարածքներէն:

Այս հասկացողութիւնը բնականաբար նոյնքան պարզ է պաշտօնական Փարիզին համար, որ զայն իբրեւ սկզբունք առաջադրած է Սուրիոյ պարագային, երբ  արտաքին գործոց նախարարը յայտնած էր, որ իր երկիրը  մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Կոլանի բարձունքին վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, եւ իսրայէլեան բանակի հեռացման եւ Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան յարգման կոչ կ՛ուղղէ:

Ըստ էութեան, մեծ մտահոգութիւն է նաեւ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան տարածքներու բռնագրաւումը, որ խախտած է Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ատով իսկ սպառնացած անոր գերիշխանութեան: Այդ սկզբունքները ընտրովի չեն կրնար ըլլալ: Առաջադրելի են եւ կիրարկելի բոլոր երկիրներուն համար:

«Ա.»

 

Նախորդը

Լաւրով. «Թրամփի Ծրագիրը Ոչ Պաշտօնական Խողովակներով Ստանձնեցինք Եւ Պատրաստ Ենք Անոր Շուրջ Որոշակի Մշակումներ Քննարկելու»

Յաջորդը

Վիշապին Խորհուրդը Հայկական Գորգարուեստին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.