Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Անկախութեան տօնին առիթով արտասանած ուղերձը:
«Կը կարծեմ, թէ նախագահ Աուն չափազանց կարեւոր ուղերձ մը յղեց, եւ կ՛ուզեմ ըսել, թէ ան նաեւ մեր տեսակէտը արտայայտեց, այսինքն` Հըզպալլայի հետ խիստ ու ազդու կերպով գործելու եւ գործադրելու մեր ծրագիրը, որ յստակօրէն կը ձգտի հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան գերիշխանութեան վերականգնման», նշեց Մաքրոն:


