Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Իսլամ Եղբայրները Օտար Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Պիտի Որակէ

Նոյեմբեր 25, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ճասթ Տը Նիուզ» կայքին փոխանցեց, թէ Իսլամ եղբայրները օտար ահաբեկչական կազմակերպութիւն պիտի որակէ, ինչ որ ծանր հարուած է խմբաւորման մը, որ միշտ ալ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը քայքայելու եւ իսլամ երիտասարդներ զինուորագրելով արմատականացնելու ամբաստանութիւններ դիմագրաւած է:

«Ատիկա ամէնէն ուժեղ եւ խիստ բառերով տեղի պիտի ունենայ: Այժմ վերջնական փաստաթուղթերը կը պատրաստուին», նշեց Թրամփ:

«Ճասթ Տը Նիուզ» կայքը օրեր առաջ հրապարակած էր Իսլամ եղբայրներու գործունէութեան եւ Թրամփի վարչակազմին մէջ անոր նկատմամբ հետզհետէ մագլցող մտահոգութեան մասին ծաւալուն զեկուցում մը` նշելով, որ Թրամփ այդ որոշումը որդեգրելու մասին կը մտածէր իր նախագահական առաջին ընտրաշրջանէն ի վեր:

Նշենք, որ Թեքսասի հանրապետական նահանգապետ Կրեկ Ապըթ անցեալ շաբաթ հրապարակեց Իսլամ եղբայրներն ու Իսլամական-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորհուրդը օտար ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ անդրսահմանային քրէական կազմակերպութիւններ որակող հրամանագիր մը:

Իսլամական-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորհուրդը մերժեց այդ որակումը եւ Թեքսասի կառավարութեան դէմ դատական հայց ներկայացուց:

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի, կազմակերպութիւնը նշած է, որ իր անդամներուն Թեքսասի մէջ հողեր գնել արգիլող որոշումը կ՛ոտնահարէ անոնց սահմանադրութեամբ ամրագրուած սեփականութեան եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքները:

Նախորդը

Փափուաշվիլի. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Նոր Հեռանկարներ Կը Բանայ Ամբողջ Շրջանին Համար»

Յաջորդը

Էրտողան. «Առանց 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի Պետութեան Ստեղծման Համաշխարհային Խաղաղութիւն Չկայ»

RelatedPosts

Ամերիկեան-Ուքրանական  Միացեալ Հաղորդագրութիւն.  «Ժընեւի Բանակցութիւնները Շինիչ Էին  Եւ Արդար Ու Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման  Նկատմամբ Հասարակաց Յանձնառութիւնը Ընդգծեցին»
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկեան-Ուքրանական Միացեալ Հաղորդագրութիւն. «Ժընեւի Բանակցութիւնները Շինիչ Էին Եւ Արդար Ու Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման Նկատմամբ Հասարակաց Յանձնառութիւնը Ընդգծեցին»

Նոյեմբեր 25, 2025
Փեսքով. «Երեւան Կը Կարծէ, Թէ Բազմաբեւեռ  Քաղաքականութիւն Կը Վարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Մոսկուան Որեւէ Տեղեկութիւն Չէ Ստացած Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւններէն Ետք»

Նոյեմբեր 25, 2025
Էրտողան. «Առանց 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի  Պետութեան Ստեղծման  Համաշխարհային Խաղաղութիւն Չկայ»
Միջազգային

Էրտողան. «Առանց 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի Պետութեան Ստեղծման Համաշխարհային Խաղաղութիւն Չկայ»

Նոյեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?