ՍԱՆԱՆ ԱՐՈՒՇԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ
Ես Լիբանանի մէջ ապրող հայ երիտասարդ մըն եմ, սփիւռքի մէջ մեծցած, բայց սրտով եւ արմատներով միշտ կապուած` Հայաստանին ու Արցախին: Իմ նպատակս է պահել հայութեան բոցը, ծառայել իմ ժողովուրդիս եւ յիշեցնել, որ մեր պատմութիւնը տակաւին չէ աւարտած: Այսօր ես կը գրեմ այս տողերը ոչ միայն իբրեւ երիտասարդ, այլ նաեւ` իբրեւ հայ մը, որ չի կրնար լուռ մնալ, երբ իր հողը կը կորսուի:
Արցախի պատերազմը սկսաւ 2020-ի սեպտեմբեր 27-ին: Այն օրերուն մեր ժողովուրդը կանգնած էր հսկայական վտանգի դիմաց: Տղաքը` մեր եղբայրներն ու ընկերները, կը պաշտպանէին մեր սուրբ հողը իրենց արեամբ: Բայց աշխարհը մնաց լուռ…
Շուրջ քառասունչորս օր շարունակուեցաւ անհաւասար կռիւը` մինչեւ 2020-ի նոյեմբեր 9-ը, երբ ստորագրուեցաւ «հաշտութեան» անարդար համաձայնութիւնը: Այդ օրը մեզի համար խաղաղութիւն չէր, այլ` պարտադրուած լռութիւն: Արցախը ցաւեցաւ, բայց չմեռաւ:
Հետագայ տարիներուն` մինչեւ 2022-ի վերջը, վիճակը աւելի ծանրացաւ: Անվտանգութեան ուժերը նուազեցան, սահմանները փակուեցան, եւ ժողովուրդը սկսաւ ցրուիլ: Քաղաքական խաղերը շարունակուեցան, ու վերջապէս հող մը, որ դարեր շարունակ հայկական էր, մատնուեցաւ օտարին: Բայց հողը չի վաճառուիր: Արցախը մեր հոգին է, մեր ինքնութիւնը: Ան չի կորսուիր, այնքան ատեն որ գէթ մէկ հայ երիտասարդ կ՛ըսէ` «Արցախը մերն է»:
Այսօր իբրեւ ԼԵՄ-ական` կը հաւատամ, որ մեր սերունդին պարտականութիւնն է շարունակել պայքարը ոչ թէ զէնքով, այլ` իմաստութեամբ: Պէտք է սորվինք պատմութիւնը, զարգացնենք մտածողութիւնը, պաշտպանենք մեր լեզուն ու մշակոյթը: Երբ կը մասնակցիմ մեր միութեան գործունէութիւններուն, կը տեսնեմ, որ կան երիտասարդներ, որոնք պատրաստ են գործել` կամաւոր աշխատանքով, գրելով, երգելով, կամ հասարակ ծառայութեամբ: Այդ է մեր զէնքը այսօր:
Մեր պապերը ըսած են. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Մենք այդ խենթերն ենք, որոնք կը հաւատան իտէալներուն: Իմ անունս պայքար է, որովհետեւ ես կը հաւատամ, որ հայ երիտասարդը կրնայ փոխել իր պատմութիւնը: Պիտի շարունակենք խօսիլ, ծառայել եւ կռուիլ ճշմարտութեամբ:
Արցախի հարցը մեզի համար քաղաքական թեմա մը չէ ,այլ արժէք մըն է, արմատ մըն է:
Այսօր մեր գործը յստակ է: Պիտի միանանք, պիտի սիրենք զիրար, պիտի ըլլանք կրթուած, գիտակից եւ արժանապատիւ: Արդարեւ, եթէ մենք չպահենք մեր հողը ու մեր պատմութիւնը, ուրիշը պիտի գրէ անոր վերջը: Արցախը մերն է եւ պիտի մնայ մերը:


