ՍԵԼԻՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ
Լիբանանը երկիր մըն է, ուր լոյսն ու լեռները միասին կը պատմեն ուժի եւ գեղեցկութեան մասին: Ան դժուար պահերուն ալ չի կորսնցներ` իր ոգին, իր ժպիտը եւ ապրելու ուժը:
Այստեղ անկախութիւնը միայն տօն մը չէ, այլ` կեանքի ձեւ, յիշեցում մը, որ ազատութիւնը պէտք է ամէն օր պահել ու արժեւորել:
1943 նոյեմբեր 22-ի անկախութիւնը լիբանանցիներուն համար սովորական քաղաքական իրադարձութիւն մը չէր: Անիկա ինքնահաստատման ընթացքն էր ժողովուրդի մը, որ դարեր շարունակ ապրած էր օտար տիրապետութիւններու տակ: Այդ օրը միայն սահմանադրութիւն չգրուեցաւ, այլ` վստահութիւն մը ձեւաւորուեցաւ, որ փոքր երկիր մը կրնայ գոյատեւել իր հաւաքական կամքին շնորհիւ: Անկախութեան պայքարը կարճ տեւեց, բայց իր ազդեցութիւնը խոր արմատներ ձգեց ժողովուրդին մէջ: Ամէն անգամ որ Լիբանանը կը դիմագրաւէ նոր ճգնաժամ մը, ես կը վստահիմ, որ պիտի կարենայ այդ ալ շրջանցել, որովհետեւ այդ նոյն անկախութեան ոգին տակաւին գոյութիւն ունի եւ ուժ կու տայ լիբանանցիին:
Իբրեւ հայ երիտասարդ` ես Լիբանանը կը տեսնեմ ոչ միայն իբրեւ հայրենիք, այլ նաեւ` ապաստան մը, որ մեր համայնքին տուած է կրթութիւն եւ նոր սկիզբի հնարաւորութիւն:Այստեղ ես սորվեցայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նոյն արմատներով երկու հայրենիք ունենալ: Լիբանանը ինծի համար դաս է, որ ինքնութիւն պահելը չի նշանակեր ուրիշի մշակոյթը մերժել, այլ զայն հասկնալով` հարստանալ:
Այսօր, երբ Լիբանանը կը պայքարի իր տնտեսութեան, իր արժէքներուն եւ իր ապագային համար, ես կը հաւատամ, որ անկախութիւնը պէտք չէ դիտել իբրեւ պատմական տարեդարձ մը: Ան պէտք է ըլլայ ապրող գաղափար, որ կը յիշեցնէ մեզի, թէ ազատութիւնը պէտք է ամէն օր նորոգել` խիզախութեամբ, ստեղծագործութեամբ եւ հաւատքով:
Այսպէս, Լիբանանը ապացոյց մըն է, որ փոքր երկիր մը կրնայ կրել մեծ պատմութիւն եւ աւելի մեծ ոգի: Անկախութենէն մինչեւ օրս ան կը շարունակէ գրել իր պատմութիւնը` տոկունութեամբ, յոյսով եւ անսպառ սիրով այս հողին հանդէպ:


