Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քպէյսի. «Բանակին Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Փոխհասկացողութիւնը Ոմանց Նեղութիւն Կը Պատճառէ, Եւ Զանոնք Օտարի Լրտեսներու Կը Վերածէ»

November 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի նշեց. «Այն, ինչ որ լիբանանեան բեմի վրայ տեղի կ՛ունենայ, Դիմադրութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ ամբողջական փոխհասկացողութիւն է, ինչ որ ոմանց նեղութիւն կը պատճառէ, եւ զանոնք օտարի լրտեսներու կը վերածէ»:

Քպէյսի յայտնեց. «Մեր ներքին թշնամին համայնքայնութիւնն ու յարանուանականութիւնն է, իսկ արտաքին թշնամին Իսրայէլն է, անոր աջակցողը, անոր ամբարտաւանութեան եւ բարբարոսութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի բեմին վրայ անոր ամբողջ կատարածին դիմաց լուռ մնացողը»:

«Մենք հպարտ ենք հարաւային Լիբանանի մէջ մեր հողի ազատագրութեան եւ սահմաններու պաշտպանութեան համար մեր զոհաբերութիւններով եւ հաստատ կը մնանք հակառակ թշնամիի բոլոր առօրեայ յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն, որոնց վերջինը եղաւ այն յարձակումը, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ նահատակ մը, ինչպէս նաեւ որեւէ զինուորական աշխատանքի հետ կապ չունեցող, իրենց համալսարանը մեկնող համալսարանական ուսանողներ փոխադրող փոխադրակառք մը վնասուեցաւ: Անոնց միակ յանցանքը հարաւցի ըլլալն էր:

«Ցաւօք, այդ յարձակումները դատապարտող որեւէ կեցուածք չենք տեսներ: Արդեօք ատիկա Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր կողմերէն ազգային միացեալ կեցուածք մը չի՞ պահանջեր», հարց տուաւ երեսփոխանը:

«Կարգ մը քաղաքագէտներ Դիմադրութեան զէնքը խլելու կոչ ուղղելով սիոնականներու խօսքը կրկնելէ այլ գործ չունին: Անոնք վարժուած են կասկածելի քաղաքականութիւններով օտարին քծնելու եւ աշխարհի տարածքին կը տարածեն Լիբանանի վերաբերեալ սուտ լուրեր, որոնք Իսրայէլին աջակցող պետութիւններուն մօտ կը վնասեն պետութեան ու անոր պատասխանատուներուն վարկին», յայտնեց Քպէյսի` հարց տալով. «Լիբանանցին ինչպէ՞ս կրնայ ամէն օր սպաննուող իր ժողովուրդին դէմ ըլլալ: Այս կեցուածքները սխալ են եւ յաճախ դաւաճանութեան աստիճանի կը հասնին, որովհետեւ մարդոց կեանքերուն ու ճակատագիրին շուրջ սակարկութիւն կը կատարեն»:

«Ան, որ իսրայէլացիի հեռացումէն եւ յարձակումներու դադրեցումէն առաջ զինաթափում կը պահանջէ, Իսրայէլի ուժն ու տիրապետութիւնը կ՛ամրագրէ եւ կը պարտադրէ ներքին քաղաքականութիւն մը, որ միայն անձնատուութեան կ՛առաջնորդէ, եւ ատիկա անկարելի է, որովհետեւ նահատակներու արեան հաշուոյն պիտի ըլլայ», շեշտեց Քպէյսի:

 

Նախորդը

Ֆայիատ. «Ամերիկեան Ուղին Կը Վտանգէ Լիբանանն Ու Անոր Գերիշխանութիւնը»

Յաջորդը

Մուսա. «Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի, Մագլցման Հաւանականութիւնը Աւելի Մօտ Կը Դառնայ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.