Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Հասան. «Ան, Որ Իր Գրաւը Իսրայէլեան Հարուածին Վրայ Դրած Է, Վստա՞հ Է, Թէ Միայն Կուսակցութիւնը Պիտի Թիրախաւորուի»

November 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի քարտուղար, երեսփոխան Հատի Ապու Հասան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ գոյութիւն ունի շիի երկեակին եւ Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ տրուած քաղաքական որոշում մը` մերժելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը` նշելով, որ ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը 2018 թուականին վերապահութիւն յայտնած էր արտերկրի լիբանանցիներուն միայն 6 երեսփոխաններու քուէարկութեան:

Ան նշեց, որ կարգ մը կողմեր կ՛ուզեն արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութիւնը ամբողջովին առկախել:

Երեսփոխանը յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ունի այն կարծիքը, թէ խորհրդարանի ներքին կանոնադրութիւնը իրեն կ՛արտօնէ ընտրական օրէնքը օրակարգի վրայ առնել կամ ոչ, եւ ան թիւ 109 յօդուածը պիտի օգտագործէ եւ օրինագիծը փոխանցէ յանձնախումբերուն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պայմանաժամը պիտի անցնի: Ան նշեց, որ Պըրրի արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանի ինքնութեան առնչուած կը նկատէ:

Պատասխանելով Լեւոն ԺԴ. պապի նոյեմբերի վերջաւորութեան Լիբանան այցելութենէն ետք դարձեալ պատերազմ ծագելու հաւանականութեան մասին հարցումին` Ապու Հասան յայտնեց, որ պատերազմի հաւանականութիւնը կը բարձրանայ եւ կրնայ շարունակել բարձրանալ:

Ապու Հասան շեշտեց բանակի դերը եւ լիբանանցիներուն անոր շուրջ միախմբուելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն լիբանանեան պետութեան փոխանցած է լիբանանեան բանակի զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը ջնջելու որոշումը, որ, երեսփոխանին համաձայն, անընդունելի է, եւ Միացեալ Նահանգներու Իսրայէլի օգտին կողմնակալ ըլլալը ցոյց կու տայ:

Ան նշեց, որ բանակի հրամանատարի Ուաշինկթըն այցելութեան ջնջումը հիմնուած է Քոնկրեսի անդամներու յորդորներուն վրայ:

«Ան, որ իր գրաւը իսրայէլեան հարուածին վրայ դրած է, վստա՞հ է, թէ միայն կուսակցութիւնը պիտի թիրախաւորուի», հարց տուաւ երեսփոխանը:

«Ամերիկան ի՞նչ ըրաւ Իսրայէլի զինադադարի որոշումը գործադրել եւ Լիբանանի դէմ յարձակումները դադրեցնել ստիպելու համար», աւելցուց Ապու Հասան:

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամը շեշտեց, որ ինք չի կարծեր, թէ Լիբանանի մէջ վերակառուցում կամ ներդրում պիտի ըլլայ նախքան զէնքի մենաշնորհին իրականացումը:

Ան ըսաւ, որ իրենք օրէնքի գործադրութիւնը թեթեւի չեն առներ եւ կը մերժեն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի` Լիբանանի հաստատութիւններուն եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին վրայ յարձակումը:

Ապու Հասան շեշտեց, որ զէնքը լիբանանեան պետութեան յանձնելու Հըզպալլայի որոշումը Իրանի ձեռքն է:

 

Նախորդը

Մուսա. «Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի, Մագլցման Հաւանականութիւնը Աւելի Մօտ Կը Դառնայ»

Յաջորդը

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում Եւ Աճող Տնտեսութիւն»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.