Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալին Հետ Քննարկեց «Թրամփի Ուղի»-ն

November 18, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ալիսըն Հուքըրը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հարցեր: Երկուստեք ընդգծուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացման պատրաստակամութիւնը, ներառեալ ուժանիւթ, ենթակառոյցներ, արհեստական բանականութիւն եւ ներդրումներու խթանում:

«Գոհունակութեամբ կրնանք նշել Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի օրակարգի ընդլայնման, ռազմավարական գործընկերութիւնը նոր բովանդակութեամբ եւ որոշակի նախաձեռնութիւններով յագեցնելուն միտուած քաղաքական երկխօսութեան աշխուժ ընթացքը, ինչպէս նաեւ հաստատուած խաղաղութեան հետեւողական ամրապնդման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու շարունակական ներգրաւուածութիւնը», նշած է նախարար Միրզոյեան:

Անդրադարձ կատարուած է 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն: Հաշուի առնելով, որ կ՛ամբողջանայ Ուաշինկթընի խաղաղութեան վեհաժողովի խորհրդանշական 100-րդ օրը, Արարատ Միրզոյեան եւ Ալիսըն Հուքըր արձանագրած են համաձայնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ այս ընթացքին գոյութիւն ունեցող յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ կատարելիքները: Միտքեր փոխանակուած են «Թրամփ ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի կառուցման համար անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներու շուրջ:

Ընդգծուած է վերջինիս կարեւորութիւնը աւելի լայն աշխարհագրութեամբ փոխադրամիջոցային եւ այլ կապուղիներու ցանցի զարգացման հարցին:

Միրզոյեան եւ Հուքըր միտքեր փոխանակած են շրջանային այլ նիւթերու շուրջ:

Ռուբինեան–Հուքըր Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի տեղակալ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան 17 նոյեմբերին հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ալիսըն Հուքըրի հետ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը:

Քննարկուած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութեան առնչուող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է շրջանային վերջին զարգացումներուն եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:

Հայ–Ամերիկեան Աշխատանքային
Խումբերը Ստեղծուած Են

Մեկնարկած է գործունէութիւնը հայ-ամերիկեան աշխատանքային երկկողմանի խումբերուն, որոնք պիտի զբաղին ուաշինկթընեան համաձայնագիրներու իրագործումով ու «Թրամփի ուղի»-ի զարգացումով: Աշխատանքային խումբերը պիտի գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Սոնաթա Քալթըր, որ կը վերահսկէ Ռուսիոյ եւ Կեդրոնական Եւրոպայի քաղաքականութիւնը:

Քալթըր նախապէս վարած է Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական հարցերով խորհրդականի տեղակալի պաշտօնը:

Հուքըր երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Ան հանդիպումի ընթացքին, ըստ կառավարութեան հաղորդագրութեան, ընդգծած է Սոնաթա Քալթըրի գլխաւորութեամբ երկկողմանի աշխատանքային խումբերու գործունէութեան մեկնարկի փաստը:

Հուքըր Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ շարունակական համագործակցութիւնը, զուգորդուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագիրի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթացի հետ, կը խոստանայ բանալ Հարաւային Կովկասը` իբրեւ կենսականօրէն կարեւոր առեւտրական ուղի:

 

 

 

Նախորդը

Քաղաքացիական Պայմանագիրը Յաղթեց Վաղարշապատի Մէջ

Յաջորդը

Կարեւոր Նկատումներ` Վաղարշապատի Ընտրութիւններուն Առնչութեամբ

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.