Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Պուտափեշտի մէջ առաջարկուած վեհաժողովը հակառակ յետաձգուելուն տակաւին սեղանի վրայ է:
Օրպան հունգարական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Այն, ինչ որ յետաձգուեցաւ, ի վերջոյ տեղի պիտի ունենայ, սակայն ոչ այն ժամանակին, որ մենք կ՛ուզենք, այլ որոշ ատեն ետք»:
Հունգարիոյ վարչապետը նշեց, որ բանակցութիւնները խանգարուած են «հողերուն առնչուող խնդիրներու» պատճառով:
Ան յայտնեց, որ 2022 թուականին Պոլսոյ մէջ գոյացած համաձայնութիւնները կարող էին վերջ տալ տագնապին, «սակայն անկլոսաքսոնները զայն տապալեցին»:


