Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան. «Այս Երկրի Հիմնարար Ազգային Հաւասարակշռութիւնը Կը Պահանջէ, Որ «Բոլորը Յաղթեն Կամ Բոլորը Պարտուին»

November 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան նշեց. «Ոմանք պէտք է հասկնան, թէ երկիրը կարիքը ունի ազգային հաւասարակշռութիւնը իբրեւ կառավարական կառոյցի հիմք ամրագրելու, մասնաւորաբար նահանգներու մակարդակով պետական պաշտօններու ընտրութիւնը ձախող է, այդ ալ չափազանց բացայայտ կերպով, իսկ խնամակալութիւնը իր տարբեր ծածկոյթներով կը հարուածէ Լիբանանի գոյութենական արժէքը»:

«Ոմանց հաշուարկները, որոնք հիմնուած են անոնց կողմէ շրջանային փոփոխութիւններ նկատուածին վրայ, լուրջ սխալ են: Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ելեւմտական խնամակալութիւնը անհամատեղելի են, եւ պետութեան անվտանգութիւնը երկրի, ժողովուրդի եւ գերիշխան շահերու անվտանգութենէն անբաժանելի է», նշեց ան:

Շէյխ Քապալան շեշտեց. «Պահանջուածը գերիշխան պետութիւն է, ոչ թէ ներկայացուցիչներու պետութիւն, հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւնը խորհրդարանն է, ոչ թէ` դեսպանատուներու մարդիկն ու բազմաթիւ պատուիրակները: Ազգային զսպումն ու խեղդման քաղաքականութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլան Իսրայէլի, եւ ոչ թէ ներքին հիմնադիր բաղադրիչի մը»:

«Արտաքին զսպումի բացակայութիւնը կապ ունի իշխանութեան եւ անոր քուլիսներու առաջնահերթութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ ազգային ուխտը կ՛ենթադրէ, որ իբրեւ լիբանանցիներ ինքնութեան հարցը փակած ենք», ըսաւ միւֆթին:

«Այս երկրին մէջ խնդիրը լուծումի բացակայութիւնը չէ, այլ ազգային կամքի բացակայութիւնը: Այստեղ պետութեան գաղափարը իրողական վտանգի տակ է, եւ այն մտավախութիւնը ունիմ, որ տագնապը հասնի պետութեան իմաստին ու գոյութեան:

«Քաղաքական համայնքայնութեան վերաբերեալ լուծումը Թաէֆի համաձայնութեան գործադրութեամբ է: Անվտանգութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ ազգային որոշումը Լիբանանի համար գոյութենական անհրաժեշտութիւն են, եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ կառուցային յանձնառութիւններու կարիք գոյութիւն ունի», յայտնեց ան:

«Քաղաքական կամ ընտրական որեւէ ընտրանք, որ ամբողջ համայնք մը կը թիրախաւորէ, Լիբանանի հիւսուածքը եւ անոր հիմնարար Ազգային ուխտը կ՛ականահարէ: Արդիւնաւէտ տնտեսութեան կառուցումը ամերիկեան խնամակալութեամբ չէ», ըսաւ ան:

«Կառավարական աշխատանքը առանց ազգային միասնական արժեչափերու անարժէք է, եւ գերիշխան գործառոյթը Լիբանանի գոյութեան հիմքն է: Առանց ընտրական արդարութեան երեսփոխանական ներկայացուցչութիւն չկայ: Ազգային անվտանգութիւնը կը սկսի ընտրական օրէնքէն: Հիմնարար գործընկերութեան յարգումը այս երկրին մէջ որեւէ մեծ քայլի արժեւորման կշիռքն է», յայտնեց Ժաաֆարականներու միւֆթին:

«Այս երկրի հիմնարար ազգային հաւասարակշռութիւնը կը պահանջէ, որ «բոլորը յաղթեն կամ բոլորը պարտուին»: Օտարը օգտագործելով ճնշում բանեցնելու խաղը, կամքերը քննութեան ենթարկելը, համայնքային խեղդումը խոր հարուած կը հասցնեն Լիբանանի յենասիւներուն», յայտարարեց շէյխ Քապալան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միւֆթի Տրիան. «Իսրայէլ Պիտի Չկարենայ Կազայի Բնակիչներուն Կամքը Կոտրել»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.