Երեւանի «Միքա» մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի երիտասարդներու բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցան 19 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցումները, որոնց ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչներ 4 ոսկի, 5 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներ շահեցան:
Ռուսիա 8 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալներով գրեթէ տիրապետեց 19 տարեկանէն վար մրցումներուն:
54 քկ կշիռի տղոց մրցումներու աւարտականին, Վաղարշակ Քէեան 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը տարաւ ռուս մրցակից Արսենիի Ժիլցովի դէմ:
57 քկ կշիռի աւարտականին, Տիգրան Յովսէփեան շատ լաւ կը մրցէր Մաքսիմ Սատովսքիի դէմ (Պիելոռուսիա), բայց վերջինիս Տիգրանին հասցուցած վնասուածքէն ետք ան չկրցաւ շարունակել մրցումը եւ պարտուած հռչակուեցաւ` շահելով արծաթ մետալ:
48 քկ կշիռի տղոց մրցումներուն աւարտականին, Յարութիւն Մարտիրոսեան իր կարգին շահած էր արծաթէ մետալ` աւարտականին պարտուելէ ետք Ռուս Ռամազան Ծամիեւէն:
63.5 քկ կշիռի մրցումներուն, Անդրանիկ Մարտիրոսեան 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իտալացի Ճիուզեփէ Քավալլոն եւ շահեցաւ ոսկի մետալ` դառնալով Եւրոպայի ախոյեան:
67 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ նաեւ Արգիշտի Յակոբեան, որ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Պիելոռուս Մաքսիմ Ռիպաքին:
75 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ նաեւ Սամուէլ Սիրամարգեան, որ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Պիելոռուս Իվան Սինիաքին:
86 քկ կշիռի աւարտական մրցումին չմասնակցեցաւ Րաֆֆի Խաչատրեան (վիրաւոր ըլլալով) եւ տիտղոսակիր դարձաւ ռուս Ռուսլան Շիխմամպեթով:
92 քիլոկրամէն բարձր կշիռի փոխախոյեան դարձաւ Տիգրան Խաչատրեան, որ 5-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ռենաթ Կասանովէն (Ռուսիա):
Այսօր կը սկսին 23 տարեկանէն վար մրցումները:


