19 հոկտեմբերին Վատիկանի Ս.Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումը:
Ներազգային առումով կրօնական, պատմական ու հպարտառիթ այդ իրադարձութիւնը նաեւ ունի քաղաքական ու քարոզչական` իմա գործնական արժէք, որովհետեւ Իգնատիոս արք. Մալոյեանին անունը, նահատակութիւնն ու սրբադասումը անմիջականօրէն կապուած են Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան: Ի վերջոյ, ան սուրբերուն դաս մուտք գործելու պատուին արժանացաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր նահատակութեամբ:
Անոր երանացումը, սրբադասման արարողութեան առաջնորդող փուլն ու ի վերջոյ սրբադասումը քարոզչական արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ոսկեայ առիթներ դարձան:
Այդպիսի առիթներ դարձած էին նաեւ 12 ապրիլ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Վատիկանի մէջ մատուցուած ս. պատարագը, նոյն տարուան 29 օգոստոսին Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած ասորի կղերական Միխայելիս Ֆլաւիանոս Մըլքի արքեպիսկոպոսի երանացումը, ինչպէս նաեւ 4 յունիս 2022-ին քափուչինեան միաբանութեան անդամներ` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներ Լէոնար Մըլքիի եւ Թումա Սալեհի երանացման արարողութիւնը:
Հայ ժողովուրդը տակաւին կէտեր պիտի արձանագրէ ասորի կղերականի եւ քափուչինեան վանականերու սրբադասման առիթներով, սակայն անոնք, ինչպէս նաեւ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը կրնան միայն սկիզբ մը ըլլալ, եւ ոչ թէ` վերջ մը:
Պէտք է ազգովին աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, որ վերոնշեալները` Միխայելիս Ֆլաւիանոս Մըլքի արքեպիսկոպոս, Լէոնար Մըլքի եւ Թումա Սալեհ երանելիները եւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը պատուէ` անոնց շնորհելով յանուն իրեն հրաշագործութեան կարողութիւն, որովհետեւ ամէն անգամ որ անոնք կամ անոնցմէ ոեւէ մէկը հրաշք մը գործէ, հրաշագործութեան ու Աստուծոյ կամքի իրագործման կողքին, Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ուստի եւ արդարութեան իրագործման եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն մասին քարոզչութիւն պիտի կատարէ:



