Եւրոպական լաւագոյն 5 ախոյեանութիւնները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին, որմէ ետք ազգային խումբերու դադարը կը յաջորդէ:
Տաք մրցումներ կան Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 11-րդ հանգրուանին, ուր վերջին տարիներու «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեաններ Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ իրար դէմ պիտի ճակատին Մանչեսթըրի մէջ:
Մանչեսթըր Սիթի, որ վերջերս շատ լաւ մրցումներ կը կատարէ, իր մակարդակին վերադարձած է ըստ երեւոյթին, մինչ Լիվըրփուլ, որ ձախող ամիս մը անցընելէ ետք Ռէալ Մատրիտի դէմ վերջին մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») շատ լաւ ֆութպոլ կիրարկեց` համակիրները գոհ ձգելով:
Կը սպասուի, որ վաղուան ճակատումը պայքարով հարուստ եւ յարձակողական ֆութպոլ ըլլայ:
Անցեալ եղանակին Լիվըրփուլ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր երթին ու դարձին մինչ Սիթի վերջին անգամ 1 ապրիլ 2023-ին (4-1) յաղթած էր Լիվըրփուլին:
Սիթի հաւանաբար աւելի առաւելութիւն ունի յաղթելու մրցումին, բայց ֆութպոլի մէջ ամէն բան կարելի է: Կը սպասուի, որ քանի մը կոլեր նշանակուին, բայց թէ ո՛վ աւելի արդիւնաւէտ կամ բախտաւոր կ՛ըլլայ, ժամանակը գիտէ:
Եթէ այս մրցումին մէկը չյաղթէ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ կրնայ օգտուիլ, հակառակ որ ինք նոյնիսկ դժուար մրցակից ունի` Բ. դասակարգին նոր բարձրացած Սանտըրլենտը:
2008-2009 տարեշրջանին Հալ Սիթի 20 կէտ հաւաքած էր իր առաջին 10 մրցումներէն, իսկ Սանտըրլենտ 18: Միայն 1 պարտութիւն կրած Սանտըրլենտ կարծր եւ դժուար խումբ կ՛երեւի, եւ Արսենալին կը մնայ իր մակարդակը պահել եւ 3 կէտերով վերադառնալ Լոնտոն: Արսենալ 25 կէտ առաջին դիրքը կը գրաւէ` 6 կէտով գերազանցելով Սիթին, որ 1 կէտի առաւելութիւն ունի Լիվըրփուլի, Սանտըրլենտի եւ Պորնմաութի վրայ:
Այսօր ժամը 14:30-ին հետաքրքրական մրցումի մը, Թոթենհամ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Եունայթըտ վերջերս ինքզինք գտած է եւ խմբային խաղ կը կիրարկէ հոկտեմբերէն ի վեր անյաղթ մնալով, մինչ Թոթենհամ ելոյթները կը կը մնան անկայուն:
2021-ի պարտութենէն ետք Թոթենհամ իր դաշտին վրայ բնաւ չէ պարտուած Եունայթըտէն, որ վերջին անգամ 2022-ին կրցած է յաղթել Թոթենհամին:
Ստորեւ 11-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Թոթենհամ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Էփըրթըն – Ֆուլհամ
Ուեսթ Համ – Պըրնլի
Սանտըրլենտ – Արսենալ
Չելսի – Վուլվզ
ՎԱՂԸ
Ասթոն Վիլա – Պորնմաութ
Պրենթֆորտ – Նիւքեսըլ
Քրիսթըլ Փելես – Պրայթըն
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Լիծ Եունայթըտ
Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ
Իտալիոյ մէջ, «Սերի Ա.»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումին, Թորինօ քաղաքի «տերպի» մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Եուվենթուսն ու Թորինոն:
Այս տարեշրջանի առաջին «Տերպի տելլա Մոլէ»-ին, Եուվենթուսի նոր նշանակուած մարզիչ Լուչիանօ Սփալեթթի, որ յաղթանակով սկսած էր (2-1) Քրեմոնեզէի դէմ, պիտի փորձէ անպայման ուրախ պահել իր համակիրները այլ յաղթանակով, մանաւանդ որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով ան 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Սփորթինկ Լիզպոնի հետ:
Եուվէ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ 18 կէտով, մինչ Թորինօ` 13-րդ դիրքը, 13 կէտերով:
Թորինօ տերպի այս ճակատումներուն չէ կրցած յաղթել Եուվենթուսին վերջին 10 տարիներուն, եւ հաւանաբար շարունակուի այս շարքը այսօրուան մրցումին:
Առաջին դիրքը գրաւող Նափոլի պիտի մեկնի Պոլոնիա, ուր 5-րդ դիրքը գրաւող ակումբը զինք պիտի հիւրընկալէ: Միշտ պայքարով հարուստ եղած են Պոլոնիա – Նափոլի ճակատումները, ուր վերջին անգամ Նափոլի 2022-ին յաղթական կրցած է վերադառնալ Պոլոնիայի դաշտէն: Բայց Պոլոնիա իր կարգին վերջին անգամ 2019-ին կրցած է իր դաշտին վրայ յաղթել Նափոլիին…
Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Քոմօ – Քալիարի
Լեչէ – Վերոնա
Եուվենթուս – Թորինօ
Փարմա – Ա. Սէ. Միլան
ՎԱՂԸ
Աթալանթա – Սասուոլօ
Պոլոնիա – Նափոլի
Ճենովա – Ֆիորենթինա
Ա. Էս. Ռոմա – Ուտինեզէ
Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 12-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Մարսէյ – Պրեսթ
Լը Հաւր – Նանթ
Մոնաքօ – Լանս
ՎԱՂԸ
Լորիան – Թուլուզ
Մէձ – Նիս
Անժէ – Օքսեռ
Սթրազպուրկ – Լիլ
Լիոն – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Ժերոնա – Ալաւես
Սեւիլա – Օսասունա
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Լիվանթէ
Էսփանիոլ – Վիարէալ
ՎԱՂԸ
Աթլեթիք Պիլպաօ – Օվիետօ
Ռայօ Վայեքանօ – Ռէալ Մատրիտ
Վալենսիա – Պեթիս
Մայորքա – Խեթաֆէ
Սելթա Վիկօ – Պարսելոնա
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 10-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Պայեր Լեւերքուզըն – Հայտընհայմ
Ունիոն Պերլին – Պայերն Միւնիխ
Հոֆենհայմ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Համպուրկ – Տորթմունտ\
Մէօնշընկլատպախ – Ֆ. Ք. Քէօլն
ՎԱՂԸ
Ֆրայպուրկ – Զանքթ Փաուլի
Շթութկարթ – Աուկզպուրկ
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Մայնց


