Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը մնայուն ուշադրութիւն կը պահանջէ: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու:
«Մեզի համար կարեւոր է համաժամեցնել ժամացոյցները: Ինչ կը վերաբերի վերջին իրադարձութիւններուն, շրջանին մէջ` Կովկասի մէջ ամբողջութեամբ, Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած տարբեր իրադարձութիւններուն, կացութիւնը կը պահանջէ մեր մնայուն ուշադրութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները», ըսած է Շոյկու:
Գրիգորեան վստահեցուցած է, որ պատրաստ է մանրամասնութիւններ փոխանցել շրջանին մէջ տիրող կացութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպման կարելիութեան համար:
Նշենք, որ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է ԱՊՀ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու հանդիպում:
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը լրագրողներուն յայտնած է. «Ի հարկէ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տակաւին չկարգաւորուած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ Ռուսիոյ ներդրումը նշանակալի է, եւ Ռուսիան նշանակալի ներդրում ունեցած է Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ»:
Ան նաեւ յայտարարած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը եւ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքը իրարու հետ պիտի չմրցակցին:
«Ես կը կարծեմ, որ երկու ճամբաներն ալ ոչ միայն գոյութեան իրաւունք ունին, այլ նաեւ անհրաժեշտ են Ազրպէյճանը անոր շրջաններուն հետ կապելու եւ երկիրներու միջեւ առեւտուրի համար փոխադրամիջոցային միջանցքներ ստեղծելու համար», ըսած է ան:
Շոյկու յիշեցուցած է, որ Հիւսիս-հարաւ միջանցքը խոր հարաւի նաւահանգիստները կը կապէ Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոսի եւ Հիւսիսային ծովային ճամբաներու հետ:
«Ես ատոր մէջ ոչ մէկ վատ բան եւ մրցակցութիւն կը տեսնեմ», նշած է Շոյկու:
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան հսկայական երկիր է` բարձր զարգացած փոխադրամիջոցային ցանցով, եւ «որեւէ ճամբայ միշտ լաւ է»:


